Արցախի մէջ եւս 54 հայ զինծառայող զոհուած Է

Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հակառակորդին ծաւալած գործողութիւններուն հետեւանքով՝ հայկական կողմէն զոհուած է ՊԲ եւս 54 զինծառայող: Այս մասին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ, ըսաւ ԱՀ ՊԲ հրամանատարի տեղակալ Արթուր Սարգսեան: «Ցաւօք սրտի հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն ընթացքին իր կեանքը զոհաբերած է ՊԲ 54 մարտիկ: Վիրաւորներուն թիւը կը ճշտուի տակաւին»,- նշեց Սարգսեան: Ան յայտնեց, որ հակառակորդը շարունակած է գրոհել ՊԲ մարտակարգերը՝ կիրառելով ինքնաթիռներ, ուղղաթիռներ, հրթիռահրետանային ողջ զինանոցը, օգտագործելով նաեւ զրահաթանկային ստորաբաժանումներ եւ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներ:  Անոր խօսքով, կիրառուած սպառազինութիւնը, ռազմական սարքեէը եւ անձնակազմի քանակը աննախադէպ եղած է յատկապէս հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով:  
2 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ եւս 54 հայ զինծառայող զոհուած Է

Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հակառակորդին ծաւալած գործողութիւններուն հետեւանքով՝ հայկական կողմէն զոհուած է ՊԲ եւս 54 զինծառայող: Այս մասին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ, ըսաւ ԱՀ ՊԲ հրամանատարի տեղակալ Արթուր Սարգսեան:

«Ցաւօք սրտի հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն ընթացքին իր կեանքը զոհաբերած է ՊԲ 54 մարտիկ: Վիրաւորներուն թիւը կը ճշտուի տակաւին»,- նշեց Սարգսեան:

Ան յայտնեց, որ հակառակորդը շարունակած է գրոհել ՊԲ մարտակարգերը՝ կիրառելով ինքնաթիռներ, ուղղաթիռներ, հրթիռահրետանային ողջ զինանոցը, օգտագործելով նաեւ զրահաթանկային ստորաբաժանումներ եւ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներ: 

Անոր խօսքով, կիրառուած սպառազինութիւնը, ռազմական սարքեէը եւ անձնակազմի քանակը աննախադէպ եղած է յատկապէս հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով:

 

Արցախեան բանակի հրամանատարի տեղակալը ներկայացուցած է երէկուայ ընթացքին հակառակորդի կորուստները
Նախորդ նիւթը

Արցախեան բանակի հրամանատարի տեղակալը ներկայացուցած է երէկուայ ընթացքին հակառակորդի կորուստները

Արցախի ղեկավարը այցելած է Մարտունի քաղաքին մէջ վիրաւորուած «Le Monde»-ի թղթակիցներուն
Յաջորդ նիւթը

Արցախի ղեկավարը այցելած է Մարտունի քաղաքին մէջ վիրաւորուած «Le Monde»-ի թղթակիցներուն

ԱնցնիլՎեր