Արցախի մէջ հակառակորդի գնդակէն ՊԲ զինծառայող մը վիրաւորուած է

Արցախի պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Ապրիլ 5-ին, ժամը 17:30-ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Արայիկ Ռոպերթ Շախպազեան: Այս մասին կը  տեղեկացնեն ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն։ Վիրաւորուած զինծառայողը անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ կ՝ընէ հակառակորդ կողմին ձեռնպահ մնալու սադրիչ գործողութիւններէն եւ կը  յայտարարէ, որ իրադրութեան յետագայ լարման պարագային հետեւանքներու ողջ պատասխանատւութիւնը պիտի իյնայ ատրպէյճանական կողմին վրայ:  
6 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ հակառակորդի գնդակէն ՊԲ զինծառայող մը վիրաւորուած է

Արցախի պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Ապրիլ 5-ին, ժամը 17:30-ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Արայիկ Ռոպերթ Շախպազեան: Այս մասին կը  տեղեկացնեն ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն։

Վիրաւորուած զինծառայողը անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ կ՝ընէ հակառակորդ կողմին ձեռնպահ մնալու սադրիչ գործողութիւններէն եւ կը  յայտարարէ, որ իրադրութեան յետագայ լարման պարագային հետեւանքներու ողջ պատասխանատւութիւնը պիտի իյնայ ատրպէյճանական կողմին վրայ:

 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի վարակակիրներու թիւը հասաւ 770 -ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի վարակակիրներու թիւը հասաւ 770 -ի

«Քորոնա» ժահրի տնտեսական վնասները մեծ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ. Նախարար
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրի տնտեսական վնասները մեծ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ. Նախարար

ԱնցնիլՎեր