Արցախի մէջ հայկական անօդաչու թռչող սարք փորձարկուած է

«Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ, 19 մայիսին, բանակի փորձարկման եզրափակիչ փուլը յաջողութեամբ յաղթահարած է Արցախի հանրապետութեան եւ ՊԲ-ի համապատասխան մասնագէտներուն կողմէ նախագծուած ու արդիականացուած հարուածային անօդաչու թռչող սարքը: Ինչպէս յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, այն կը գործէ տեղորոշման տարբեր արհեստագիտական միջոցներէն անկախ, ունի խուսավարման ու կրակային խոցման բարձր հնարաւորութիւններ, արհեստագիտական բնութագրերով չի զիջիր առաջատար երկիրներու նմանատիպ սարքերուն եւ կը կառավարուի դիւրութեամբ: Յառաջիկայ ամիսներուն հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը պիտի մտնեն պարբերական արտադրութեան փուլ եւ իրենց լիարժէք տեղը պիտի զբաղցնեն ԱՀ պաշտպանական համակարգին մէջ: Փորձարկումներուն հետեւած են ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար զօրավար-հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանն ու բարձրաստիճան այլ զինուորականներ:
21 Մայիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ հայկական անօդաչու թռչող սարք փորձարկուած է

«Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ, 19 մայիսին, բանակի փորձարկման եզրափակիչ փուլը յաջողութեամբ յաղթահարած է Արցախի հանրապետութեան եւ ՊԲ-ի համապատասխան մասնագէտներուն կողմէ նախագծուած ու արդիականացուած հարուածային անօդաչու թռչող սարքը:

Ինչպէս յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, այն կը գործէ տեղորոշման տարբեր արհեստագիտական միջոցներէն անկախ, ունի խուսավարման ու կրակային խոցման բարձր հնարաւորութիւններ, արհեստագիտական բնութագրերով չի զիջիր առաջատար երկիրներու նմանատիպ սարքերուն եւ կը կառավարուի դիւրութեամբ:

Յառաջիկայ ամիսներուն հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը պիտի մտնեն պարբերական արտադրութեան փուլ եւ իրենց լիարժէք տեղը պիտի զբաղցնեն ԱՀ պաշտպանական համակարգին մէջ:

Փորձարկումներուն հետեւած են ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար զօրավար-հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանն ու բարձրաստիճան այլ զինուորականներ:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 5606-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 5606-ի

Չեխիոյ Ծերակոյտը դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը
Յաջորդ նիւթը

Չեխիոյ Ծերակոյտը դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը

ԱնցնիլՎեր