Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 5606-ի

Հայաստանի մէջ, 21 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 5606 դէպք, որոնցմէ 2581-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2928 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 44 822 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 335 նոր դէպք եւ 162 առողջացած։ Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 70 (աւելցած է եւս 3-ով) դէպք: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 64, 65 եւ 90 տարեկան տղամարդիկ, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Արձանագրուած
21 Մայիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 5606-ի

Հայաստանի մէջ, 21 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 5606 դէպք, որոնցմէ 2581-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2928 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 44 822 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 335 նոր դէպք եւ 162 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 70 (աւելցած է եւս 3-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 64, 65 եւ 90 տարեկան տղամարդիկ, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է նաեւ մահուան 27 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ 

Արցախի մէջ 20-ամեայ զինծառայող մահացած է
Նախորդ նիւթը

Արցախի մէջ 20-ամեայ զինծառայող մահացած է

Արցախի մէջ հայկական անօդաչու թռչող սարք փորձարկուած է
Յաջորդ նիւթը

Արցախի մէջ հայկական անօդաչու թռչող սարք փորձարկուած է

ԱնցնիլՎեր