Արցախի մէջ ձեւաւորուած է աշխատանքային 6 խումբ, կը կատարուի վնասներու չափագրում եւ գոյքագրում

Պատերազմէն տուժած Ստեփանակերտն ու միւս բնակավայրերը կարճ ժամանակահատուածի մէջ պիտի վերականգնուին: Այս ուղղութեամբ Արցախի Հանրապետութեան ու Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ գործնական ու յստակ քայլեր կը կատարուին: Երէկ ձեւաւորուած է աշխատանքային 6 խումբ: Այս մասին յայտնած է ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը։ Վերջիններս Ստեփանակերտի մէջ, շրջակայ կեդրոններուն եւ գիւղական համայնքներուն մէջ կը կատարեն վնասներու չափագրում եւ գոյքագրում, որուն անմիջապէս պիտի յաջորդէ աշխոյժ շինարարութիւնը: Աշխատանքային խումբերու մէջ ընդգրկուած են ԱՀ ԱԻ պետական ծառայութեան, ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայողները, ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի շինարարութեան մասով ներկայացուցիչները:
19 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ ձեւաւորուած է աշխատանքային 6 խումբ, կը կատարուի վնասներու չափագրում եւ գոյքագրում

Պատերազմէն տուժած Ստեփանակերտն ու միւս բնակավայրերը կարճ ժամանակահատուածի մէջ պիտի վերականգնուին:

Այս ուղղութեամբ Արցախի Հանրապետութեան ու Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ գործնական ու յստակ քայլեր կը կատարուին:

Երէկ ձեւաւորուած է աշխատանքային 6 խումբ: Այս մասին յայտնած է ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը։

Վերջիններս Ստեփանակերտի մէջ, շրջակայ կեդրոններուն եւ գիւղական համայնքներուն մէջ կը կատարեն վնասներու չափագրում եւ գոյքագրում, որուն անմիջապէս պիտի յաջորդէ աշխոյժ շինարարութիւնը:

Աշխատանքային խումբերու մէջ ընդգրկուած են ԱՀ ԱԻ պետական ծառայութեան, ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայողները, ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի շինարարութեան մասով ներկայացուցիչները:

Փոխգնդապետը կրցած է շրջափակումէն հանել 600 զինծառայող. նորօրեայ հերոսներ
Նախորդ նիւթը

Փոխգնդապետը կրցած է շրջափակումէն հանել 600 զինծառայող. նորօրեայ հերոսներ

Հայկակ Արշամեանը պատմած է Հայաստան հիմնադրամի մօտ հաւաքուած միջոցներու ծախսման մասին
Յաջորդ նիւթը

Հայկակ Արշամեանը պատմած է Հայաստան հիմնադրամի մօտ հաւաքուած միջոցներու ծախսման մասին

ԱնցնիլՎեր