Արցախի մէջ մեկնարկած է ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութիւնը. բացուած են տեղամասերը

Արցախի Հանրապետութեան մէջ մեկնարկած է նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութիւնը։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` 14 ապրիլին, ժամը 08:00-ի դրութեամբ բացուած են կազմաւորուած 282 ընտրական տեղամասեր, որոնցմէ 1-ը կը գտնուի Երեւանի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, մէկ տեղամաս ալ բացուած է Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։  31 Մարտին կայացած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներով` Արցախի նախագահի պաշտօնը զբաղցնելու համար կը պայքարին երկրորդ փուլ անցած «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` 49,26% կողմ ձայնով եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը` 26,4% կողմ ձայնով։ Կը գործէ 8 ընտրական յանձնաժողով՝ Ստեփանակերտ քաղաքի եւ Արցախի 7 շրջաններու մէջ:  Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան` 2020 թուականի 13 ապրիլի
14 Ապրիլի 2020
4 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ մեկնարկած է ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութիւնը. բացուած են տեղամասերը

Արցախի Հանրապետութեան մէջ մեկնարկած է նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութիւնը։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` 14 ապրիլին, ժամը 08:00-ի դրութեամբ բացուած են կազմաւորուած 282 ընտրական տեղամասեր, որոնցմէ 1-ը կը գտնուի Երեւանի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, մէկ տեղամաս ալ բացուած է Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։

 31 Մարտին կայացած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներով` Արցախի նախագահի պաշտօնը զբաղցնելու համար կը պայքարին երկրորդ փուլ անցած «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` 49,26% կողմ ձայնով եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը` 26,4% կողմ ձայնով։

Կը գործէ 8 ընտրական յանձնաժողով՝ Ստեփանակերտ քաղաքի եւ Արցախի 7 շրջաններու մէջ: 

Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան` 2020 թուականի 13 ապրիլի տուեալներուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընտրողներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ՝ 103.637, որոնցմէ 832 հոգի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Երեւան քաղաքի մէջ ձեւաւորուած ընտրական տեղամասին մէջ, իսկ 1270-ը՝ ընդգրկուած է լրացուցիչ ցուցակներու մէջ:

Նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեանը «Ֆեսյպուք»-ի իր էջին կոչ ըրած է արցախցիներուն չմասնակցելու 14 ապրիլին կայանալիք ընտրութիւններուն՝ հաշուի առնելով «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգը։

Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի առաջին դէպքը գրանցուած էր 7 ապրիլին Միրիկ գիւղին մէջ․ դէպքերու թիւը հասած է 6-ի: Միրիկ գիւղի բոլոր բնակիչներն ինքնամեկուսացուած են։ Մեկուսացուած է 12 անձ։ Ընդհանուր քննուած քաղաքացիներու թիւը 57 է։ Երկրին մէջ յայտարարուած է արտակարգ իրավիճակ։

Կառավարութիւնը ընդունեց Արտակարգ դրութեան ռեժիմը եւս 30 օրով երկարաձգելու որոշում
Նախորդ նիւթը

Կառավարութիւնը ընդունեց Արտակարգ դրութեան ռեժիմը եւս 30 օրով երկարաձգելու որոշում

28 նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 1067-ի
Յաջորդ նիւթը

28 նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 1067-ի

ԱնցնիլՎեր