Արցախի մէջ շրջափակման մէջ ծնած երեխաներու թիւը անցած է 200-ը

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման ընթացքին Արցախի ծննդատուներուն մէջ արդէն ծնած է 204 երեխայ։ Այս մասին հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ ամենօրեայ տեղեկագրին մէջ: Ատրպէյճանական կողմի ահաբեկչական վարքագիծի պատճառով նորածին երեխաներն ու անոնց մայրիկները ամէն օր կ’առերեսուին լուրջ խնդիրներու հետ՝ կապուած մանկական սնունդի, տակդիրներու, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու սղութեան հետ։  6 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ: 9 չափահաս բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։ Արցախի բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրային վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով մօտ 580 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն։ Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 70 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։
6 Փետրվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ շրջափակման մէջ ծնած երեխաներու թիւը անցած է 200-ը

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման ընթացքին Արցախի ծննդատուներուն մէջ արդէն ծնած է 204 երեխայ։ Այս մասին հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ ամենօրեայ տեղեկագրին մէջ:

Ատրպէյճանական կողմի ահաբեկչական վարքագիծի պատճառով նորածին երեխաներն ու անոնց մայրիկները ամէն օր կ’առերեսուին լուրջ խնդիրներու հետ՝ կապուած մանկական սնունդի, տակդիրներու, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու սղութեան հետ։ 

6 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ:

9 չափահաս բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։

Արցախի բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրային վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով մօտ 580 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն։

Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 70 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։

Ինչ կը բանակցէին, եւ ինչ կը կը պահանջէր Միջազգային համայնքը Տէր Պետրոսեանի հրաժարականէն առաջ. Պետդեպի գաղտնազերծուած փաստաթուղթերը (Տեսանիւթ)
Նախորդ նիւթը

Ինչ կը բանակցէին, եւ ինչ կը կը պահանջէր Միջազգային համայնքը Տէր Պետրոսեանի հրաժարականէն առաջ. Պետդեպի գաղտնազերծուած փաստաթուղթերը (Տեսանիւթ)

Արարատ Միրզոյեան կ'այցելէ Գերմանիա
Յաջորդ նիւթը

Արարատ Միրզոյեան կ’այցելէ Գերմանիա

ԱնցնիլՎեր