Արցախի մէջ «Քովիտ 19»ի հետեւանքով յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 մայիսին ստորագրած է հրամանագիր Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2020 թուականի 12 ապրիլին յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգելու եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 2020 թուականի 12 ապրիլի հրամանագրին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Հաշուի առնելով, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան հետեւանքով յառաջացած արտակարգ իրավիճակը կը շարունակէ սպառնալ բնակչութեան կեանքին եւ առողջութեան եւ կրնայ յանգեցնել անձերու կենսագործունէութեան բնականոն պայմաններու խախտման` երկարաձգուած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ  12 ապրիլէն մինչեւ 12 մայիսը յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը 30 օրով` մինչեւ  11 յունիս 2020-ը, ժամը 22:00 ներառեալ:
11 Մայիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ «Քովիտ 19»ի հետեւանքով յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 մայիսին ստորագրած է հրամանագիր Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2020 թուականի 12 ապրիլին յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգելու եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 2020 թուականի 12 ապրիլի հրամանագրին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հաշուի առնելով, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան հետեւանքով յառաջացած արտակարգ իրավիճակը կը շարունակէ սպառնալ բնակչութեան կեանքին եւ առողջութեան եւ կրնայ յանգեցնել անձերու կենսագործունէութեան բնականոն պայմաններու խախտման` երկարաձգուած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ  12 ապրիլէն մինչեւ 12 մայիսը յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը 30 օրով` մինչեւ  11 յունիս 2020-ը, ժամը 22:00 ներառեալ:

Փանթուրքիզմի Մօտակայ Եւ Հեռակայ Նպատակները. Գէորգ Հալէպլեան
Նախորդ նիւթը

Փանթուրքիզմի Մօտակայ Եւ Հեռակայ Նպատակները. Գէորգ Հալէպլեան

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 3538 -ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 3538 -ի

ԱնցնիլՎեր