Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներ չկան

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ առայսօր հանրապետութեան մէջ «քորոնա» ժահրային վարակի (COVID-19) դէպք չէ գրանցուած: Նոր «քորոնա» ժահրային վարակի կասկածով նախորդ օրը Հայաստանի Հանրապետութիւն ուղարկուած քաղաքացիներու փորձանմուշներու տարրալուծարանային հետազօտութեան արդիւնքները բացասական են: Կեղծ եւ չստուգուած լուրերէն խուսափելու համար, կրկին կոչ կ’ընենք հետեւիլ պաշտօնական լրահոսին՝ պահպանելով «քորոնա» ժահրային վարակի տարածումը կանխարգիլող՝ ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ առաջարկուող միջոցները։
20 Մարտի 2020
1 ր. ընթերցում
Արցախի  մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներ չկան

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ առայսօր հանրապետութեան մէջ «քորոնա» ժահրային վարակի (COVID-19) դէպք չէ գրանցուած:

Նոր «քորոնա» ժահրային վարակի կասկածով նախորդ օրը Հայաստանի Հանրապետութիւն ուղարկուած քաղաքացիներու փորձանմուշներու տարրալուծարանային հետազօտութեան արդիւնքները բացասական են:

Կեղծ եւ չստուգուած լուրերէն խուսափելու համար, կրկին կոչ կ’ընենք հետեւիլ պաշտօնական լրահոսին՝ պահպանելով «քորոնա» ժահրային վարակի տարածումը կանխարգիլող՝ ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ առաջարկուող միջոցները։

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 136-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 136-ի

ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակը վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր ծրագիրները
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակը վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր ծրագիրները

ԱնցնիլՎեր