ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակը վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր ծրագիրները

ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ըսած է, որ  շարք մը ծրագրեր պիտի վերանայուին կամ պիտի կասեցուին: Սինանեանի համաձայն՝ Սեպտեմբերին նախատեսուած Համահայկական համաշխարհային վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէրներու ուղարկումը այս պահուն կասեցուած է: Ինչ կը վերաբերի «Ի գործ» ծրագիրին, որ պիտի սկսէր 1 Յուլիսին, այս պահուն դեռ չէ կասեցուած. «Մենք կը շարունակենք յայտեր ընդունիլ, ծրագիրը չենք չեղարկեր, բայց հնարաւոր է՝ ժամկէտներու յետաձգում ըլլայ»: «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը, որու ծիրէն ներս շուրջ 800 երեխայ պէտք է այցելէր Հայաստան 1 Յունիսին, դեռ ուղղումներու փուլին մէջ է: «Կը հետեւինք իրադարձութիւններու զարգացման եւ համապատասխան որոշում կ’ըլլայ», — ըսած է Զարեհ Սինանեան:
20 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակը վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր ծրագիրները

ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ըսած է, որ  շարք մը ծրագրեր պիտի վերանայուին կամ պիտի կասեցուին:

Սինանեանի համաձայն՝ Սեպտեմբերին նախատեսուած Համահայկական համաշխարհային վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէրներու ուղարկումը այս պահուն կասեցուած է:

Ինչ կը վերաբերի «Ի գործ» ծրագիրին, որ պիտի սկսէր 1 Յուլիսին, այս պահուն դեռ չէ կասեցուած.

«Մենք կը շարունակենք յայտեր ընդունիլ, ծրագիրը չենք չեղարկեր, բայց հնարաւոր է՝ ժամկէտներու յետաձգում ըլլայ»:

«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը, որու ծիրէն ներս շուրջ 800 երեխայ պէտք է այցելէր Հայաստան 1 Յունիսին, դեռ ուղղումներու փուլին մէջ է:

«Կը հետեւինք իրադարձութիւններու զարգացման եւ համապատասխան որոշում կ’ըլլայ», — ըսած է Զարեհ Սինանեան:

Արցախի  մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներ չկան
Նախորդ նիւթը

Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներ չկան

«Արտերկրի հայերս սրտատրոփ կը հետեւինք Հայաստանի դրական բոլոր զարգացումներուն» Ընկ. Ասատուր Տէվլեթեան
Յաջորդ նիւթը

«Արտերկրի հայերս սրտատրոփ կը հետեւինք Հայաստանի դրական բոլոր զարգացումներուն» Ընկ. Ասատուր Տէվլեթեան

ԱնցնիլՎեր