Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած 8 նոր պարագաներ

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն, նոր «Քորոնա» ժահրի վարակը հաստատուած է եւս 8 քաղաքացիի մօտ, որոնք Շահումեանի շրջանին հաստատուած վարակի օճախի նոյն շրջանակէն են: Անոնց նախապէս մեկուսացուցած էին համապատասխան վայրերու մէջ: Նոր վարակակիրներուն մէջ նաեւ Ստեփանակերտի բնակիչներ կան եւ բժիշկներու հսկողութեան ներքոյ կը շարունակեն մեկուսացման վայրը մնալ: Ընդհանուր առմամբ, Արցախի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրով հիւանդութեան դէպք գրանցուած է 54 քաղաքացիի քով, որմէ 26-ը արդէն առողջացած են: Մեկուսացուած է 100 քաղաքացի, ընդհանուր քննութիւններու քանակը 926 է:
3 Հունիսի 2020
1 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած 8 նոր պարագաներ

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն, նոր «Քորոնա» ժահրի վարակը հաստատուած է եւս 8 քաղաքացիի մօտ, որոնք Շահումեանի շրջանին հաստատուած վարակի օճախի նոյն շրջանակէն են:

Անոնց նախապէս մեկուսացուցած էին համապատասխան վայրերու մէջ: Նոր վարակակիրներուն մէջ նաեւ Ստեփանակերտի բնակիչներ կան եւ բժիշկներու հսկողութեան ներքոյ կը շարունակեն մեկուսացման վայրը մնալ:

Ընդհանուր առմամբ, Արցախի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրով հիւանդութեան դէպք գրանցուած է 54 քաղաքացիի քով, որմէ 26-ը արդէն առողջացած են: Մեկուսացուած է 100 քաղաքացի, ընդհանուր քննութիւններու քանակը 926 է:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 10524-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 10524-ի

Հայազգի Իկոր Ղահրամանեանը Ռուսաստանի Առողջապահութեան առաջին փոխնախարար
Յաջորդ նիւթը

Հայազգի Իկոր Ղահրամանեանը Ռուսաստանի Առողջապահութեան առաջին փոխնախարար

ԱնցնիլՎեր