Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 10524-ի

Հայաստանի մէջ, 3 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 10524 դէպք, որոնցմէ 3454 ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6841 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 61 650 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 515 նոր դէպք եւ 27 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 12 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 170): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  82, 64, 86, 79, 54, 68, 83 տարեկան տղամարդիկ և 64, 85, 46, 79, 62 տարեկան կանայք։ Բոլորը
3 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 10524-ի

Հայաստանի մէջ, 3 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 10524 դէպք, որոնցմէ 3454 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6841 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 61 650 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 515 նոր դէպք եւ 27 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 12 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 170):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  82, 64, 86, 79, 54, 68, 83 տարեկան տղամարդիկ և 64, 85, 46, 79, 62 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:

Արձանագրուած է մահուան եւս 3 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 59 է:

Ռուտիկ Հիւսնունցը նշանակուած է Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական
Նախորդ նիւթը

Ռուտիկ Հիւսնունցը նշանակուած է Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական

Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած 8 նոր պարագաներ
Յաջորդ նիւթը

Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած 8 նոր պարագաներ

ԱնցնիլՎեր