Արցախի մէջ 20 յունուարէն սննդամթերքի որոշ տեսակներ պիտի վաճառուին միայն կտրոնով

20 Յունուարէն սկսեալ Արցախի Հանրապետութեան մէջ պիտի գործէ սննդամթերքի որոշ տեսակներու ձեռքբերման նոր կարգ: Այս մասին ըսուած է Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան պատրաստած ռեփորթաժով: Բրինձը, մաքարոնեղէնը, հնդկաձաւարը, շաքարը եւ ձէթը պիտի վաճառուին միայն կտրոնով: Կտրոններու տրամադրումը պիտի սկսի 17 յունուարին: Մայրաքաղաքին մէջ սպասարկման կէտեր պիտի գործեն հանրակրթական բոլոր դպրոցներու եւ Արցախի պետական համալսարանին մէջ: Ընդհանուր առմամբ 19 կէտ պիտի գործէ: Շրջանի կեդրոններու  բնակիչները կտրոն կրնան ստանալ իրենց շրջանի վարչակազմի շէնքերէն, իսկ գիւղական բնակավայրեր ապրողները՝ իրենց համայնքապետարաններէն: Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով:
16 Հունվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ 20 յունուարէն սննդամթերքի որոշ տեսակներ պիտի վաճառուին միայն կտրոնով

20 Յունուարէն սկսեալ Արցախի Հանրապետութեան մէջ պիտի գործէ սննդամթերքի որոշ տեսակներու ձեռքբերման նոր կարգ: Այս մասին ըսուած է Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան պատրաստած ռեփորթաժով:

Բրինձը, մաքարոնեղէնը, հնդկաձաւարը, շաքարը եւ ձէթը պիտի վաճառուին միայն կտրոնով:

Կտրոններու տրամադրումը պիտի սկսի 17 յունուարին: Մայրաքաղաքին մէջ սպասարկման կէտեր պիտի գործեն հանրակրթական բոլոր դպրոցներու եւ Արցախի պետական համալսարանին մէջ: Ընդհանուր առմամբ 19 կէտ պիտի գործէ:

Շրջանի կեդրոններու  բնակիչները կտրոն կրնան ստանալ իրենց շրջանի վարչակազմի շէնքերէն, իսկ գիւղական բնակավայրեր ապրողները՝ իրենց համայնքապետարաններէն:

Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով:

Ֆրանսան չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը․ Ֆրանսայի ԱԺ նախագահ
Նախորդ նիւթը

Ֆրանսան չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը․ Ֆրանսայի ԱԺ նախագահ

Կարմիր խաչը ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած դեղորայքը տեղափոխած է Արցախ
Յաջորդ նիւթը

Կարմիր խաչը ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած դեղորայքը տեղափոխած է Արցախ

ԱնցնիլՎեր