Արցախի նախագահը նոր նախարարներ նշանակած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 8 մարտին ստորագրած է շարք մը հրամանագիրներ, որոնց համաձայն՝ Հրանդ Կամոյի Սաֆարեան ազատուած է ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն: ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարար նշանակուած է Կէորկի Լեւոնի Հայրիեան: Արմէն Արտիկի Մանգասարեան ազատուած է ԱՀ ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան  նախարարի պաշտօնէն, եւ նախարար նշանակուած է Վահրամ Ռուդիկի Առաքելեան: Արամ Ալեքսէյի Սարգսեան ազատուած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարի պաշտօնէն: ԱՀ քաղաքաշինութեան  նախարարի պարտականութիւններու կատարումը ժամանակաւորապէս վերապահուած է նախարարի տեղակալ Ազատ Վիլենի Համբարձումեանին: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աւելի վաղ ստորագրած Կառավարութեան որոշումներու համաձայն՝ Կէորկի Լեւոնի Հայրիեան ազատուած էր ԱՀ ջրային կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն, որու պարտականութիւններու կատարումը ժամանակաւորապէս վերապահուած է կոմիտէի նախագահի առաջին
9 Մարտի 2023
3 ր. ընթերցում
Արցախի նախագահը նոր նախարարներ նշանակած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 8 մարտին ստորագրած է շարք մը հրամանագիրներ, որոնց համաձայն՝ Հրանդ Կամոյի Սաֆարեան ազատուած է ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն: ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարար նշանակուած է Կէորկի Լեւոնի Հայրիեան:

Արմէն Արտիկի Մանգասարեան ազատուած է ԱՀ ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան  նախարարի պաշտօնէն, եւ նախարար նշանակուած է Վահրամ Ռուդիկի Առաքելեան:

Արամ Ալեքսէյի Սարգսեան ազատուած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարի պաշտօնէն: ԱՀ քաղաքաշինութեան  նախարարի պարտականութիւններու կատարումը ժամանակաւորապէս վերապահուած է նախարարի տեղակալ Ազատ Վիլենի Համբարձումեանին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աւելի վաղ ստորագրած Կառավարութեան որոշումներու համաձայն՝ Կէորկի Լեւոնի Հայրիեան ազատուած էր ԱՀ ջրային կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն, որու պարտականութիւններու կատարումը ժամանակաւորապէս վերապահուած է կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Արարատ Սամուրկայի Խաչատրեանին, իսկ Վահրամ Ռուդիկի Առաքելեան ազատուած էր ԱՀ ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան  նախարարի տեղակալի պաշտօնէն:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը 5 մարտի ահաբեկչական գործողութենէն. Արցախի ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը 5 մարտի ահաբեկչական գործողութենէն. Արցախի ԱԳՆ

Մարտ 5-ի ահաբեկչութեամբ Ատրպէյճանը մի քանի նպատակ կը հետապնդէ․ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Մարտ 5-ի ահաբեկչութեամբ Ատրպէյճանը մի քանի նպատակ կը հետապնդէ․ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր