Արցախի պետական նախարարի պատուոյն ընդունելութիւն կազմակերպուած է ԱՄՆ-ի ՀՀ դեսպանատան մէջ

Ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեկլարեանի, նոյեմբեր 3-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ դեսպանատան մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը դեսպան Լիլիթ Մակունցի հետ: «Պետական նախարարը եւ անոր գլխաւոր խորհրդական Դաւիթ Յակոբեանը ներկայացուցին Արցախի ներկայ իրավիճակը, առկայ հիմնախնդիրները եւ ապագայի տեսլականը Արցախի զարգացման ու անոր Սփիւռքի մասնակցութեան վերաբերեալ: Արտակ Բեկլարեանը ընդգծեց, որ սփիւռքէն ակնկալիքը ոչ այնքան նիւթական է, որքան՝ Արցախի մէջ երկարաժամկէտ կարողութիւններու զարգացման աջակցութիւնը՝ Սփիւռքի հսկայական մարդուժով»,- այս մասին կը յայտնեն ԱՀ պետական նախարարին աշխատակազմէն: ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունցի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պետական նախարարին այցելութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արցախցիներու իրաւունքներու եւ
10 Նոյեմբերի 2021
4 ր. ընթերցում
Արցախի պետական նախարարի պատուոյն ընդունելութիւն կազմակերպուած է ԱՄՆ-ի ՀՀ դեսպանատան մէջ

Ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեկլարեանի, նոյեմբեր 3-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ դեսպանատան մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը դեսպան Լիլիթ Մակունցի հետ:

«Պետական նախարարը եւ անոր գլխաւոր խորհրդական Դաւիթ Յակոբեանը ներկայացուցին Արցախի ներկայ իրավիճակը, առկայ հիմնախնդիրները եւ ապագայի տեսլականը Արցախի զարգացման ու անոր Սփիւռքի մասնակցութեան վերաբերեալ: Արտակ Բեկլարեանը ընդգծեց, որ սփիւռքէն ակնկալիքը ոչ այնքան նիւթական է, որքան՝ Արցախի մէջ երկարաժամկէտ կարողութիւններու զարգացման աջակցութիւնը՝ Սփիւռքի հսկայական մարդուժով»,- այս մասին կը յայտնեն ԱՀ պետական նախարարին աշխատակազմէն:

ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունցի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պետական նախարարին այցելութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արցախցիներու իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Կը նշուի, որ Արտակ Բեկլարեանը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի՝ Ուաշինկթոնի մէջ գործող գրասենեակներու ղեկավարներուն հետ, ներկայացուց Արցախի ապագայի տեսլականը եւ քննարկեց արդիւնաւէտ համագործակցութեան հեռանկարները:

Բոլոր հանդիպումներուն կը մասնակցէր նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ԱՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը:

 

Հայաստանը հրաւիրուած է ԱՄՆ-ի ժողովրդավարութեան գագաթնաժողովին . Թուրքիան ու Ատրպէյճանը հրաւիրեալներու ցանկին մէջ չկան
Նախորդ նիւթը

Հայաստանը հրաւիրուած է ԱՄՆ-ի ժողովրդավարութեան գագաթնաժողովին . Թուրքիան ու Ատրպէյճանը հրաւիրեալներու ցանկին մէջ չկան

Ոչ մէկ քննարկում կայ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» շուրջ. ՌԴ ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

Ոչ մէկ քննարկում կայ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» շուրջ. ՌԴ ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր