Արցախ հասցուած դեղորայքը պիտի բաշխուի բուժհաստատութիւններուն՝ բաւարարելով 10 օրուան պահանջարկը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Արցախ ուղարկուած 10 թոն մարդասիրական բեռը կը բաւարարէ 10 օրուան պահանջարկը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին 25 դեկտեմբերին յայտնած էր, որ Հայաստանը 10 թոն մարդասիրական բեռ ուղարկած է Արցախ։ «Հայաստանից ԼՂ ուղարկուած 10 թոննա հումանիտար բեռը՝ դեղորայք, մանկական կեր, բուժօգնութեան համար նախատեսուած պարագաները, կը բաւարարեն 10 օրուայ պահանջարկը»,–ըսուած է առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։  
27 Դեկտեմբերի 2022
1 ր. ընթերցում
Արցախ հասցուած դեղորայքը պիտի բաշխուի բուժհաստատութիւններուն՝ բաւարարելով 10 օրուան պահանջարկը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Արցախ ուղարկուած 10 թոն մարդասիրական բեռը կը բաւարարէ 10 օրուան պահանջարկը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին 25 դեկտեմբերին յայտնած էր, որ Հայաստանը 10 թոն մարդասիրական բեռ ուղարկած է Արցախ։

«Հայաստանից ԼՂ ուղարկուած 10 թոննա հումանիտար բեռը՝ դեղորայք, մանկական կեր, բուժօգնութեան համար նախատեսուած պարագաները, կը բաւարարեն 10 օրուայ պահանջարկը»,–ըսուած է առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

 

Քրեմլին «գլխատող հարուած» հասցնելու վերաբերեալ Փենթակոնի յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու սպառնալիքի մասին է. Լաւրով
Նախորդ նիւթը

Քրեմլին «գլխատող հարուած» հասցնելու վերաբերեալ Փենթակոնի յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու սպառնալիքի մասին է. Լաւրով

Արցախի մէջ եւս 1 երեխայ տեղափոխուած է վերակենդանացման բաժին
Յաջորդ նիւթը

Արցախի մէջ եւս 1 երեխայ տեղափոխուած է վերակենդանացման բաժին

ԱնցնիլՎեր