Արցախի մէջ եւս 1 երեխայ տեղափոխուած է վերակենդանացման բաժին

Արցախի «Արեւիկ» բժշկակաբ կեդրոնին մէջ վերակենդանացման բաժանմունք տեղափոխուած է եւս 1 երեխայ, իսկ Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ եւս 1 բուժառուի վիճակը վատթարացած է։ Անոր վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։ Նշենք, որ 26 դեկտեմբերի դրութեամբ «Արեւիկ» հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ 10 երեխայ կար, իսկ «Հանրապետական» հիւանդանոցին մէջ 4 քաղաքացիի վիճակը կը գնահատուէր ծայրայեղ ծանր։ ««Արեւիկ» բուժմիաւորումում 11 երեխայ գտնւում է նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներում:«Հանրապետական բժշկական կեդրոնում 10 բուժառու գտնւում են վերակենդանացման բաժանմունքում, որից 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակում են»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Նշուած է նաեւ, որ հանրապետութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը
27 Դեկտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Արցախի մէջ եւս 1 երեխայ տեղափոխուած է վերակենդանացման բաժին

Արցախի «Արեւիկ» բժշկակաբ կեդրոնին մէջ վերակենդանացման բաժանմունք տեղափոխուած է եւս 1 երեխայ, իսկ Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ եւս 1 բուժառուի վիճակը վատթարացած է։ Անոր վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Նշենք, որ 26 դեկտեմբերի դրութեամբ «Արեւիկ» հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ 10 երեխայ կար, իսկ «Հանրապետական» հիւանդանոցին մէջ 4 քաղաքացիի վիճակը կը գնահատուէր ծայրայեղ ծանր։

««Արեւիկ» բուժմիաւորումում 11 երեխայ գտնւում է նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներում:«Հանրապետական բժշկական կեդրոնում 10 բուժառու գտնւում են վերակենդանացման բաժանմունքում, որից 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակում են»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է նաեւ, որ հանրապետութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրուած վիրահատութիւնները։

«Ներքին օրկաններու լէիշմանախտ» ախտորոշմամբ 4 ամսական արցախցի փոքրիկն ալ, որուն Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ օրերս տեղափոխած էին Հայաստան, կը շարունակէ բուժում ստանալ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոնի մէջ։ Անոր վիճակը կը կայունանայ:

Արցախ հասցուած դեղորայքը պիտի բաշխուի բուժհաստատութիւններուն՝ բաւարարելով 10 օրուան պահանջարկը
Նախորդ նիւթը

Արցախ հասցուած դեղորայքը պիտի բաշխուի բուժհաստատութիւններուն՝ բաւարարելով 10 օրուան պահանջարկը

Դաւիթ Տօնոյեանի փաստաբանական խումբը պիտի դիմէ դատարան անոր խափանման միջոցը փոխելու հարցով
Յաջորդ նիւթը

Դաւիթ Տօնոյեանի փաստաբանական խումբը պիտի դիմէ դատարան անոր խափանման միջոցը փոխելու հարցով

ԱնցնիլՎեր