Արցախ. Մաճկալաշէնի բնակիչը գերի վերցուած

Արցախի Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն համայնքի բնակիչներէն մէկը՝ 1989–ի ծնունդ, կորսուած անասուններու որոնման ընթացքին յայտնուած է ատրպէյճանական Զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ։ Այս մասին համայնքային իշխանութիւնները տեղեկացուցած են ռուս խաղաղապահներուն, որոնց միջնորդութեամբ բանակցութիւններ վարուած են Մարտունիի գերեվարուած քաղաքացին ետ բերելու համար եւ ան վերադարձուած է։ Տեղեկութիւնը «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը։ «Քաղաքացին այս պահին գտնուում է ռուս խաղաղապահների մօտ։ Շուտով կը փոխանցեն հայկական կողմին: Անասունները գտնուել են, թէ ոչ` չեմ կարող ասել։ Չգիտենք` անասուններն էլ են անցել ատրպէյճանական կողմ, թէ ոչ»,- յայտնած է Արցախի ՄԻՊ-ը։
26 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Արցախ. Մաճկալաշէնի բնակիչը գերի վերցուած

Արցախի Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն համայնքի բնակիչներէն մէկը՝ 1989–ի ծնունդ, կորսուած անասուններու որոնման ընթացքին յայտնուած է ատրպէյճանական Զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ։

Այս մասին համայնքային իշխանութիւնները տեղեկացուցած են ռուս խաղաղապահներուն, որոնց միջնորդութեամբ բանակցութիւններ վարուած են Մարտունիի գերեվարուած քաղաքացին ետ բերելու համար եւ ան վերադարձուած է։ Տեղեկութիւնը «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը։

«Քաղաքացին այս պահին գտնուում է ռուս խաղաղապահների մօտ։ Շուտով կը փոխանցեն հայկական կողմին: Անասունները գտնուել են, թէ ոչ` չեմ կարող ասել։ Չգիտենք` անասուններն էլ են անցել ատրպէյճանական կողմ, թէ ոչ»,- յայտնած է Արցախի ՄԻՊ-ը։

Աշխարհի բաժակ. Հայկ Մ. Մարտիրոսեանի յաղթարշաւը կը շարունակուի
Նախորդ նիւթը

Աշխարհի բաժակ. Հայկ Մ. Մարտիրոսեանի յաղթարշաւը կը շարունակուի

Նշուած է Երուսաղէմի Տ. Նուրհան Պատրիարքի քահանայութեան 50-րդ տարեդարձը
Յաջորդ նիւթը

Նշուած է Երուսաղէմի Տ. Նուրհան Պատրիարքի քահանայութեան 50-րդ տարեդարձը

ԱնցնիլՎեր