Արցախ վերադարձած է 52 700 մարդ, չպայթած զինամթերքէն մաքրուած է 1 474 հա տարածք

Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ առաջադրանքներու կատարումը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ռուս խաղաղապահներու կողմէ քսանեօթ դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն կ’իրականացուի: «Հրադադարի պահպանման ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ողջ երկայնքով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ռուս խաղաղապահներու կողմէ կ’ապահովուի քաղաքացիներու անվտանգ վերադարձը իրենց մշտական բնակութեան վայրեր եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կառոյցներու վերականգնումը, մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերուի բնակչութեան: Ընդամէնը 14 նոյեմբեր 2020-էն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախկին բնակութեան վայր վերադարձած է 52 700 մարդ: Մարդասիրական ականազերծման կեդրոնի ճարտարապետա-սակրաւորներու խումբերը կը շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի ականազերծման աշխատանքները: Մէկ օրուան մէջ մաքրուած է 13
22 Փետրվարի 2021
5 ր. ընթերցում
Արցախ վերադարձած է 52 700 մարդ, չպայթած զինամթերքէն մաքրուած է 1 474 հա տարածք

Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ առաջադրանքներու կատարումը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ռուս խաղաղապահներու կողմէ քսանեօթ դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն կ’իրականացուի:

«Հրադադարի պահպանման ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ողջ երկայնքով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ կ’ապահովուի քաղաքացիներու անվտանգ վերադարձը իրենց մշտական բնակութեան վայրեր եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կառոյցներու վերականգնումը, մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերուի բնակչութեան:

Ընդամէնը 14 նոյեմբեր 2020-էն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախկին բնակութեան վայր վերադարձած է 52 700 մարդ:

Մարդասիրական ականազերծման կեդրոնի ճարտարապետա-սակրաւորներու խումբերը կը շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի ականազերծման աշխատանքները: Մէկ օրուան մէջ մաքրուած է 13 հա տարածք, 4 քմ ճանապարհ, 15 շէնք-շինութիւն, յայտնաբերուած եւ ոչնչացման համար դուրս բերուած է 43 պայթիւնավտանգ առարկայ: Ընդհանուր առմամբ, 23 նոյեմբերի 2020-էն չպայթած զինամթերքէ մաքրուած է 1474 հա տարածք, 457 քմ ճանապարհ, 1440 շէնք-շինութիւն, այդ շարքին՝ 30 սոցիալապէս նշանակալի կառոյց, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 24 870 պայթուցիկ առարկայ:

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ ապահովուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վեց շարասիւններու անվտանգ անցումը. չորսը՝ Լաչինի միջանցքով հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութեամբ, մէկը՝ Շուշի-Կարմիր շուկայ-Քաջար եւ մէկը՝ հակառակ ուղղութեամբ:

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ հնարաւոր միջադէպերու կանխման ջանքերը համակարգելու համար շարունակական փոխգործակցութիւն կը պահպանուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապներու հետ:

33 տարի առաջ այս օրերուն վերածնաւ ոչ միայն Արցախը, այլ նաեւ ողջ հայ ժողովուրդը. Նիկոլ Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

33 տարի առաջ այս օրերուն վերածնաւ ոչ միայն Արցախը, այլ նաեւ ողջ հայ ժողովուրդը. Նիկոլ Փաշինեան

Մայրենի լեզուս եւ բազմաթիւ այլ լեզուներ ոչնչացման եզրին են․ Կարօ Փայլան
Յաջորդ նիւթը

Մայրենի լեզուս եւ բազմաթիւ այլ լեզուներ ոչնչացման եզրին են․ Կարօ Փայլան

ԱնցնիլՎեր