Բոլորիս շնորհաւոր. Այսօր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրման 98-ամեակն է

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հիմնադրուած է 1921 թուականին։ Այն կը հանդիսանայ Մ. Փորթուգալեանի հիմնած «Արմենական» կուսակցութեան շարունակութիւնը, որ հիմնուած է 1885-ին Վան քաղաքի մէջ։   Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ունի հետեւեալ սկզբունքներն ու դաւանանքը՝ -ՌԱԿ-ը հայ ժողովուրդի հարազատ ծնունդն է եւ անոր ազգային հզօր տենչի հաւատարիմ արտայայտիչը: Նուիրուելով հայկական պատմական հայրենիքի ամբողջական վերականգնման գործին, ՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ այդ մէկը հնարաւոր է հայ ժողովուրդի ֆիզիքական հզօրացմամբ, բոլոր խաւերու, առնաց դասակարգային խտրութեան, համատեղ ջանքերով: -ՌԱԿ-ի աշխարհայեացքը հիմնուած է ժողովուրդի կամքի գերիշխանութեան, անհատի եւ հաւաքականութեան բնական իրաւունքներու կիրառման եւ ընկերային բարեփոխումներու սկզբունքներուն վրայ: -ՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ ամէն քաղաքացի հաւասար է օրէնքի առջեւ եւ անոր
1 Հոկտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
Բոլորիս շնորհաւոր. Այսօր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրման 98-ամեակն է

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հիմնադրուած է 1921 թուականին։ Այն կը հանդիսանայ Մ. Փորթուգալեանի հիմնած «Արմենական» կուսակցութեան շարունակութիւնը, որ հիմնուած է 1885-ին Վան քաղաքի մէջ։

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ունի հետեւեալ սկզբունքներն ու դաւանանքը՝

-ՌԱԿ-ը հայ ժողովուրդի հարազատ ծնունդն է եւ անոր ազգային հզօր տենչի հաւատարիմ արտայայտիչը: Նուիրուելով հայկական պատմական հայրենիքի ամբողջական վերականգնման գործին, ՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ այդ մէկը հնարաւոր է հայ ժողովուրդի ֆիզիքական հզօրացմամբ, բոլոր խաւերու, առնաց դասակարգային խտրութեան, համատեղ ջանքերով:

-ՌԱԿ-ի աշխարհայեացքը հիմնուած է ժողովուրդի կամքի գերիշխանութեան, անհատի եւ հաւաքականութեան բնական իրաւունքներու կիրառման եւ ընկերային բարեփոխումներու սկզբունքներուն վրայ:

-ՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ ամէն քաղաքացի հաւասար է օրէնքի առջեւ եւ անոր անձն ու քաղաքացիական ազատութիւնները անձեռնմխելի պէտք է մնան խմբային եւ կառավարական ոտնձգութիւններէ:

 

Կուսակցութեան նպատակներն են՝

-Ապահովել եւ պահպանել Հայաստանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը: 

-Վերականգնել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ հայկական պետական իշխանութեան ներքոյ, հայկական բռնագրաւուած բոլոր հողերու ազատագրումով:

-Աշխատիլ Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային բարգաւաճման համար:

Ոսկեայ տառերով փորագրուած անցեալի վերարժեւորման պահն է որ կ'ըմբոշխնենք այսօր. Յայտարարութիւն ՌԱԿ 98-ամեակի առթիւ
Նախորդ նիւթը

Ոսկեայ տառերով փորագրուած անցեալի վերարժեւորման պահն է որ կ’ըմբոշխնենք այսօր. Յայտարարութիւն ՌԱԿ 98-ամեակի առթիւ

Հայաստանը կրնայ դառնալ ելեկտրական ջերմուժի տարածաշրջանային հանգոյց. Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը կրնայ դառնալ ելեկտրական ջերմուժի տարածաշրջանային հանգոյց. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր