Բոլոր անոնք, որոնք դեր ունին Ատրպէյճանի յանցագործութիւնները դադրեցնելու մէջ, պիտի պատասխանատու համարուին Արցախի հայերու ճակատագրին համար. Յայտարարութիւն։

Վերջին երեք օրերուն եւ անկէ ետք, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը սաստկացուցած է իր արշաւը՝ Արցախի հայերը վախցնելու եւ թիրախ դարձնելու համար, իր շարունակական ջանքերուն մէջ՝ դարաւոր հայկական անկլաւը բնակչութենէ դատարկելու եւ իր «Հայկական Հարցը» լուծելու։ Կեղծաւորաբար կազմակերպելով Պերձոր (Լաչին) միջանցքի շրջափակումը կառավարութեան կողմէ վճարուող կեղծ բնապահպան «գործիչներով», Ատրպէյճան փաստօրէն մեկուսացուցած է 120,000 Արցախի տղամարդիկ, կիներ եւ մանուկներ աշխարհի մնացեալ մասէն եւ նպաստած է Ատրպէյճանի մէջ պայմաններու ստեղծման՝ ազգային լարուածութիւն եւ ատելութիւն հայերու դէմ բորբոքելու համար։ Ատրպէյճան ընտրած է այս անխոհեմ ռազմավարութիւնը, որովհետեւ ընտրած է ժխտել Արցախի հայերուն ազատութեան, անվտանգութեան եւ ապահովութեան ուղին։ Աշխարհի կառավարութիւնները ալ բաւականաչափ չեն մարտահրաւէր նետած Ատրպէյճանին՝ դադրեցնելու իր
17 Դեկտեմբերի 2022
10 ր. ընթերցում
All who have a role to play in stopping Azerbaijan’s crimes will be held accountable for the fate of the Armenians of Artsakh. Statement

Վերջին երեք օրերուն եւ անկէ ետք, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը սաստկացուցած է իր արշաւը՝ Արցախի հայերը վախցնելու եւ թիրախ դարձնելու համար, իր շարունակական ջանքերուն մէջ՝ դարաւոր հայկական անկլաւը բնակչութենէ դատարկելու եւ իր «Հայկական Հարցը» լուծելու։

Կեղծաւորաբար կազմակերպելով Պերձոր (Լաչին) միջանցքի շրջափակումը կառավարութեան կողմէ վճարուող կեղծ բնապահպան «գործիչներով», Ատրպէյճան փաստօրէն մեկուսացուցած է 120,000 Արցախի տղամարդիկ, կիներ եւ մանուկներ աշխարհի մնացեալ մասէն եւ նպաստած է Ատրպէյճանի մէջ պայմաններու ստեղծման՝ ազգային լարուածութիւն եւ ատելութիւն հայերու դէմ բորբոքելու համար։

Ատրպէյճան ընտրած է այս անխոհեմ ռազմավարութիւնը, որովհետեւ ընտրած է ժխտել Արցախի հայերուն ազատութեան, անվտանգութեան եւ ապահովութեան ուղին։ Աշխարհի կառավարութիւնները ալ բաւականաչափ չեն մարտահրաւէր նետած Ատրպէյճանին՝ դադրեցնելու իր անցեալ եւ ընթացիկ մարդու իրաւունքներու յանցագործութիւնները Արցախի հայերուն դէմ։

Քանի դեռ Ատրպէյճան կրնայ թիրախ դարձնել Արցախի հայերը ինչպէս այսօր կ՚ընէ – կտրելով բնական գազի մատակարարումը ձմրան սրտին մէջ եւ վերացնելով մարդոց, սննդի եւ դեղորայքի անվտանգ անցումը Պերձոր միջանցքով՝ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ – Արցախի հայերը կրնան ակնկալել Ատրպէյճանի ցեղասպան ջարդերու կրկնութիւնը, որոնք տեղի ունեցան հայերուն դէմ Սումկայիթի եւ Կիրովապատի մէջ 1988-ին եւ Պաքուի մէջ 1990-ին։

Բոլոր անոնք, որոնք դեր ունին Ատրպէյճանի յանցագործութիւնները դադրեցնելու մէջ, պիտի պատասխանատու համարուին Արցախի հայերու ճակատագրին համար, որոնք կը շարունակեն կռուիլ ինքնորոշման, անվտանգութեան եւ ապահովութեան համար՝ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ սպառնացուած ցեղասպանութեան դիմաց։

Մենք կը շնորհակալինք այն ԱՄՆ պաշտօնեաներուն, որոնք արդէն կ՚աշխատին դադրեցնել Ատրպէյճանի վտանգաւոր գործողութիւնները եւ կը կոչ ընեն ԱՄՆ կառավարութեան՝ պաշտպանելու Արցախի ազատասէր հայերը, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի վարչակարգին ողորմածութեան տակ, որ զիրենք կը համարէ քաղաքացիներ՝ միաժամանակ ընթացք կու տայ անոնց ներկայութեան արմատախիլ ընելուն իրենց բնիկ հողերէն։

Մենք կը կոչ ընենք անոնց, որոնք դեռ չեն խօսած՝ դատապարտելու Ատրպէյճանի դաժան գործողութիւնները եւ միանալու իրենց գործընկերներուն՝ աշխատելու Արցախի հայերու երկար տառապանքին արդար լուծումին ուղղութեամբ։

Վերջապէս, մենք կը կոչ ընենք մեր հայ-ամերիկեան համայնքին եւ դաշնակիցներուն՝ դիմելու իրենց ընտրեալ պաշտօնեաներուն՝ օգնելու լուծել այս զարգացող եւ վատթարացող ճգնաժամը, հետեւելու բոլոր գործողութեան ազդարարումներուն եւ պատրաստ ըլլալու լրացուցիչ գործողութիւններ ձեռնարկելու՝ պաշտպանելու մեր եղբայրները եւ քոյրերը Արցախի մէջ։

15 Դեկտեմբեր 2022

 

Ստորագրուած՝

Ամերիկայի Հայկական Ժողով

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Արեւելեան ԱՄՆ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն (ՀԲԸՄ)

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ, Արեւելեան ԱՄՆ

Ամերիկայի Հայկական Ցանց – Մեծ Նիւ Եորք

Հայ Օգնութեան Միութիւն Արեւելեան ԱՄՆ, Ընկ.

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Արեւելեան ԱՄՆ

Հայ ուսանողական միացեալ միութիւններ

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Կազմակերպութիւն, Արեւելեան ԱՄՆ

Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Թեմ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան (Արեւելեան)

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերութիւն, Արեւելեան ԱՄՆ

Հ.Մ.Ը.Մ. Արեւելեան ԱՄՆ

Վարդանանց Ասպետներ

Հայ ուսումնասիրութեանց եւ հետազօտութեանց ազգային ընկերակցութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն ԱՄՆ եւ Գանատայի

Ի Զօրակցութիւն Արցախի. ՍԴՀԿ - ՌԱԿ - ՀՅԴ Միջկուսակցական Հանդիպում
Նախորդ նիւթը

Ի Զօրակցութիւն Արցախի. ՍԴՀԿ — ՌԱԿ — ՀՅԴ Միջկուսակցական Հանդիպում

Մոնտիալ 2022. Արժանթինի ազգային հաւաքականը աշխարհի ախոյեան
Յաջորդ նիւթը

Մոնտիալ 2022. Արժանթինի ազգային հաւաքականը աշխարհի ախոյեան

ԱնցնիլՎեր