Ի Զօրակցութիւն Արցախի. ՍԴՀԿ — ՌԱԿ — ՀՅԴ Միջկուսակցական Հանդիպում

Արցախը Հայաստանի կապող միակ ճամբան փակելու եւ կազի մատակարարումը դադրեցնելու ազրպէյճանական նորագոյն սադրանքներու ստեղծած ճգնաժամային կացութեան պատճառով, լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները՝ ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ, ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեցին արտակարգ նիստ մը: Ժողովականները անդրադարձան մարդկային իրաւանց ոտնակոխման ազրպէյճանական այս նորագոյն արտայայտութեան, որ աքցանի մէջ դրած է ամբողջ Արցախի ժողովուրդը, զայն զրկած է կեանքի տարրական իրաւունքներէն եւ դարձուցած ոճրային նոր ծրագրի մը զոհը: Ժողովը անհրաժեշտ գտաւ ներազգային, տեղական եւ դիւանագիտական հարթակներու վրայ ծաւալել իրազեկման ու քարոզչական աշխատանք, հիմնական առաջադրանք ունենալով միջազգային ընտանիքի արդար դիրքորոշումը անմարդկային այս սադրանքներու նկատմամբ: Ժողովը անդրադարձաւ շարք մը նախաձեռնութիւններու եւ որոշեց իր նիստերը բաց
16 Դեկտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Ի Զօրակցութիւն Արցախի. ՍԴՀԿ - ՌԱԿ - ՀՅԴ Միջկուսակցական Հանդիպում

Արցախը Հայաստանի կապող միակ ճամբան փակելու եւ կազի մատակարարումը դադրեցնելու ազրպէյճանական նորագոյն սադրանքներու ստեղծած ճգնաժամային կացութեան պատճառով, լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները՝ ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ, ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեցին արտակարգ նիստ մը:

Ժողովականները անդրադարձան մարդկային իրաւանց ոտնակոխման ազրպէյճանական այս նորագոյն արտայայտութեան, որ աքցանի մէջ դրած է ամբողջ Արցախի ժողովուրդը, զայն զրկած է կեանքի տարրական իրաւունքներէն եւ դարձուցած ոճրային նոր ծրագրի մը զոհը:

Ժողովը անհրաժեշտ գտաւ ներազգային, տեղական եւ դիւանագիտական հարթակներու վրայ ծաւալել իրազեկման ու քարոզչական աշխատանք, հիմնական առաջադրանք ունենալով միջազգային ընտանիքի արդար դիրքորոշումը անմարդկային այս սադրանքներու նկատմամբ:

Ժողովը անդրադարձաւ շարք մը նախաձեռնութիւններու եւ որոշեց իր նիստերը բաց պահել եւ առօրեայ դրութեամբ հետեւիլ նոր զարգացումներուն: Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները այս առիթով վերահաստատեցին լիբանանահայութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին ու անոր անկորնչելի համամարդկային իրաւունքներուն:

Այս առիթով որոշուեցաւ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կազմակերպել համաժողովրդային զօրակցական հաւաք:

Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն

Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ատրպէյճանը վերականգնած է Արցախի կազամատակարարումը
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանը վերականգնած է Արցախի կազամատակարարումը

All who have a role to play in stopping Azerbaijan’s crimes will be held accountable for the fate of the Armenians of Artsakh. Statement
Յաջորդ նիւթը

Բոլոր անոնք, որոնք դեր ունին Ատրպէյճանի յանցագործութիւնները դադրեցնելու մէջ, պիտի պատասխանատու համարուին Արցախի հայերու ճակատագրին համար. Յայտարարութիւն։

ԱնցնիլՎեր