Գաբրիէլ Սարգսեան hանդիսացաւ Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան փոխախոյեան

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Հայրենի կրանտմասթըրը, առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 8,5 կէտ, առաջին դիրքը կիսեց գերմանացի Մաթիաս Պլուպաումի հետ, որ լրացուցիչ ցուցանիշով հռչակուեցաւ ախոյեան: Վերջին հանգրուանին Գաբրիէլ Սարգսեան ճերմակ քարերով 6-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց սպանացի Խայմէ Սանթոս Լաթասայի հետ, մինչ տիտղոսակիրը իր հաւասարութիւնը արձանագրեց խրուաթ Իվան Սարիչի հետ: Նշենք, որ առաջին 20 դիրքերը գրաւած ճատրակ խաղացողները ապահովեցին 2023-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի իրենց տոմսը:
7 Ապրիլի 2022
2 ր. ընթերցում
Գաբրիէլ Սարգսեան hանդիսացաւ Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան փոխախոյեան

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:

Հայրենի կրանտմասթըրը, առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 8,5 կէտ, առաջին դիրքը կիսեց գերմանացի Մաթիաս Պլուպաումի հետ, որ լրացուցիչ ցուցանիշով հռչակուեցաւ ախոյեան:

Վերջին հանգրուանին Գաբրիէլ Սարգսեան ճերմակ քարերով 6-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց սպանացի Խայմէ Սանթոս Լաթասայի հետ, մինչ տիտղոսակիրը իր հաւասարութիւնը արձանագրեց խրուաթ Իվան Սարիչի հետ:

Նշենք, որ առաջին 20 դիրքերը գրաւած ճատրակ խաղացողները ապահովեցին 2023-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի իրենց տոմսը:

Համաշխարհային NVIDIA ընկերութիւնը  Հայաստանի մէջ կեդրոն կը հիմնէ
Նախորդ նիւթը

Համաշխարհային NVIDIA ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ կեդրոն կը հիմնէ

Թրքական մամուլը՝ Փամուքի mասին. «Յայտարարեց, որ թուրքերը 1 միլիոն հայ կոտորած են ու Նոպէլեան մրցանակ ստացաւ»
Յաջորդ նիւթը

Թրքական մամուլը՝ Փամուքի mասին. «Յայտարարեց, որ թուրքերը 1 միլիոն հայ կոտորած են ու Նոպէլեան մրցանակ ստացաւ»

ԱնցնիլՎեր