Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցի հարցի քննութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` 17 յունիսին

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ Ազգային ժողովի համանուն խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցի հարցի քննութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 յունիսին, ժամը 19:00-ին: Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իվեթա Տօնոյեանը: «Դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր երեկոյեան, ժամը 19:00-ին, Շենգաւիթի դատարանին մէջ»,- ըսած է Տօնոյեանը: Խափանման միջոց կալանքը ընտրելու քննիչի միջնորդութիւնը պիտի քննէ դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանը։ Յայտնի է, որ Ծառուկեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին միջնորդութեան քննութիւնը մակագրուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանին: Գագիկ Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 154.2-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով՝ ընտրակաշառք տալու համար։
17 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցի հարցի քննութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` 17 յունիսին

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ Ազգային ժողովի համանուն խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցի հարցի քննութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 յունիսին, ժամը 19:00-ին:

Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իվեթա Տօնոյեանը:

«Դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր երեկոյեան, ժամը 19:00-ին, Շենգաւիթի դատարանին մէջ»,- ըսած է Տօնոյեանը:

Խափանման միջոց կալանքը ընտրելու քննիչի միջնորդութիւնը պիտի քննէ դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանը։

Յայտնի է, որ Ծառուկեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին միջնորդութեան քննութիւնը մակագրուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանին: Գագիկ Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 154.2-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով՝ ընտրակաշառք տալու համար։

Արթուր Ճաւատեան նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան
Նախորդ նիւթը

Արթուր Ճաւատեան նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան

NEW YORK TIMES-ը անդրադարձած է Գագիկ Ծառուկեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ կալանաւորելու գործընթացին
Յաջորդ նիւթը

NEW YORK TIMES-ը անդրադարձած է Գագիկ Ծառուկեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ կալանաւորելու գործընթացին

ԱնցնիլՎեր