Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնը աւարտեցաւ. որոշումը պիտի հրապարակուի այս կիրակի

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի՝ Շէնգաւիթի նստավայրին մէջ, դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանի նախագահութեամբ, քիչ առաջ աւարտած է ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու միջնորդութեան քննութիւնը. որոշումը պիտի հրապարակուի այս կիրակի։ Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Ծառուկեանի փաստաբաններու խումբէն Սամուէլ Դիլբանդեանը ըսած է, որ ներկայացուած միջնորդութիւնը անօրինական ու անհիմն է. «Մեր կողմէն բոլոր առարկութիւնները ներկայացուած է։ Կը կարծեմ, որ դատարանը կը մնայ իր բարձրութեան վրայ եւ ներկայացուած միջնորդութիւնը անպայման կը մերժուի»: Նշենք, որ Գագիկ Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է ընտրակաշառք տալու համար։ Ան իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չընդունիր  եւ այն կ’որակէ շինծու գործ։
19 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնը աւարտեցաւ. որոշումը պիտի հրապարակուի այս կիրակի

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի՝ Շէնգաւիթի նստավայրին մէջ, դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանի նախագահութեամբ, քիչ առաջ աւարտած է ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու միջնորդութեան քննութիւնը. որոշումը պիտի հրապարակուի այս կիրակի։

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Ծառուկեանի փաստաբաններու խումբէն Սամուէլ Դիլբանդեանը ըսած է, որ ներկայացուած միջնորդութիւնը անօրինական ու անհիմն է. «Մեր կողմէն բոլոր առարկութիւնները ներկայացուած է։ Կը կարծեմ, որ դատարանը կը մնայ իր բարձրութեան վրայ եւ ներկայացուած միջնորդութիւնը անպայման կը մերժուի»:

Նշենք, որ Գագիկ Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է ընտրակաշառք տալու համար։ Ան իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չընդունիր  եւ այն կ’որակէ շինծու գործ։

Առողջապահութեան նախարարը հրապարակած է Ինքնամեկուսացուածներու «քարտէզ»ը
Նախորդ նիւթը

Առողջապահութեան նախարարը հրապարակած է Ինքնամեկուսացուածներու «քարտէզ»ը

«Որոշեցի ձեռնպահ մնալ Մոսկուա կատարելիք իմ այցէն, համաճարակային իրավիճակը թոյլ չի տար». ՀՀ վարչապետի նամակը՝ Վլատիմիր Փութինին
Յաջորդ նիւթը

«Որոշեցի ձեռնպահ մնալ Մոսկուա կատարելիք իմ այցէն, համաճարակային իրավիճակը թոյլ չի տար». ՀՀ վարչապետի նամակը՝ Վլատիմիր Փութինին

ԱնցնիլՎեր