Գերիներու հարցը շատ զգայուն է եւ կը պահանջէ շուտափոյթ լուծում. ՀՀ ԱԳՆ

Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ անյայտ կորսուած զինծառայողներու որոնման, գերիներու եւ զոհերու մարմիններու փոխանակման հարցը շատ զգայուն է եւ կը պահանջէ շուտափոյթ լուծում: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ ԱԳՆ ղեկավար Արա Այվազեանը ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ: «Սա յատկապէս կարեւոր է ռազմագերիների հետ եւ ոչ միայն, բառի բուն իմաստով, բարբարոսական վերաբերմունքի վերաբերեալ ստացուող հաստատուած բազմաթիւ փաստերի  ֆոնին: Այս հարցերի թւում է հայկական կրօնական եւ մշակութային վայրերի պահպանման հարցը: Մենք յոյս ունենք, որ Ռուսաստանը, ինչպէս ազգային, այնպէս էլ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահող երկիր, կը խթանի ինչպէս այդ հարցերի լուծմանը, այնպէս էլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, որն իրականացնելու է
7 Դեկտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Գերիներու հարցը շատ զգայուն է եւ կը պահանջէ շուտափոյթ լուծում. ՀՀ ԱԳՆ

Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ անյայտ կորսուած զինծառայողներու որոնման, գերիներու եւ զոհերու մարմիններու փոխանակման հարցը շատ զգայուն է եւ կը պահանջէ շուտափոյթ լուծում: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ ԱԳՆ ղեկավար Արա Այվազեանը ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:

«Սա յատկապէս կարեւոր է ռազմագերիների հետ եւ ոչ միայն, բառի բուն իմաստով, բարբարոսական վերաբերմունքի վերաբերեալ ստացուող հաստատուած բազմաթիւ փաստերի  ֆոնին: Այս հարցերի թւում է հայկական կրօնական եւ մշակութային վայրերի պահպանման հարցը: Մենք յոյս ունենք, որ Ռուսաստանը, ինչպէս ազգային, այնպէս էլ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահող երկիր, կը խթանի ինչպէս այդ հարցերի լուծմանը, այնպէս էլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, որն իրականացնելու է համանախագահութեան ինստիտուտի հետագայ գործունէութիւնը», — ըսած է նախարարը:

Ան ընդգծած է, որ դաշնակցային համագործակցութեան զուգընթաց պատրաստ է դիտարկելու երկկողմ յարաբերութիւններու հիմնական ասպեկտները քաղաքական, պաշտպանական, առեւտուրի, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ քննարկելու ԵԱՏՄ-ի, ՀԱՊԿ-ի եւ ԱՊՀ-ի մէջ իրականացուող բազմակողմ օրակարգը, ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ դիրքերու արտաքին քաղաքականութեան համակարգման հարցերը:

«Վստահ եմ, որ այցի արդիւնաւէտութեան վրայ փոխադարձ ուշադրութիւնը կը նպաստի դաշնակցային համագործակցութեան հետագայ զարգացմանը, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանում անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդմանը», — նշած է Այվազեանը:

Լաւրով. Հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թէժ փուլէն նոր դուրս կու գայ
Նախորդ նիւթը

Լաւրով. Հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թէժ փուլէն նոր դուրս կու գայ

Մենք Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք. Թուրքիոյ ԱԳ նախարար
Յաջորդ նիւթը

Մենք Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք. Թուրքիոյ ԱԳ նախարար

ԱնցնիլՎեր