Գերիներու վերադարձը կրկին յետաձգուած է․ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակի մեկնաբանութիւնը

Գերիներու վերադարձը, դժբախտաբար, կրկին յետաձգուած է, քանի որ թշնամին 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան 8-րդ կէտը չի գործադրեր, ինչ որ յետպատերազմական մարդասիրական գոծընթացի կոպիտ խախտում է: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած են ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն։ «Բանակցութիւնները ռուսական կողմի միջնորդութեամբ շարունակուում են, եւ յոյյս ունենք, որ ատրպէյճանական կողմը ի վերջոյ կը յարգի ստորագրուած յայտարարութիւնը ու կեանքի կը կոչի մարդասիրական պայմանաւորուածութիւնը՝ այդպիսով նպաստելով տարածաշրջանում կայունութեան հաստատմանը»,- ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ։ Նշենք, որ երէկ` 8 ապրիլին հայ ռազմագերիները տեղափոխող օդանաւը Պաքուէն Երեւան հասած է դատարկ: «Էրեբունի» օդակայան հաւաքուած էին գերիներու տասնեակ հարազատներ:
9 Ապրիլի 2021
2 ր. ընթերցում
Գերիներու վերադարձը կրկին յետաձգուած է․ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակի մեկնաբանութիւնը

Գերիներու վերադարձը, դժբախտաբար, կրկին յետաձգուած է, քանի որ թշնամին 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան 8-րդ կէտը չի գործադրեր, ինչ որ յետպատերազմական մարդասիրական գոծընթացի կոպիտ խախտում է: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած են ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն։

«Բանակցութիւնները ռուսական կողմի միջնորդութեամբ շարունակուում են, եւ յոյյս ունենք, որ ատրպէյճանական կողմը ի վերջոյ կը յարգի ստորագրուած յայտարարութիւնը ու կեանքի կը կոչի մարդասիրական պայմանաւորուածութիւնը՝ այդպիսով նպաստելով տարածաշրջանում կայունութեան հաստատմանը»,- ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ։

Նշենք, որ երէկ` 8 ապրիլին հայ ռազմագերիները տեղափոխող օդանաւը Պաքուէն Երեւան հասած է դատարկ:

«Էրեբունի» օդակայան հաւաքուած էին գերիներու տասնեակ հարազատներ:

Հայաստան հասած է ռուսական «Սփութնիք» պատուաստի առաջին խմբաքանակը 
Նախորդ նիւթը

Հայաստան հասած է ռուսական «Սփութնիք» պատուաստի առաջին խմբաքանակը 

«Եթէ Հայաստանը դրական արձագանգէ, Հարաւային Կովկասը հետագային կրնայ դառնալ խաղաղութեան եւ կայունութեան տարածաշրջան». Չաւուշօղլու
Յաջորդ նիւթը

«Եթէ Հայաստանը դրական արձագանգէ, Հարաւային Կովկասը հետագային կրնայ դառնալ խաղաղութեան եւ կայունութեան տարածաշրջան». Չաւուշօղլու

ԱնցնիլՎեր