Գերմանիայէն կարեւոր քայլ. Վաւերացուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ համաձայնագիրը

Գերմանիան Եւրոպական Միութեան խորհուրդին յայտնած է, թէ աւարտած է  Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործողութիւններու համաձայնագրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը։     Այս մասին «Ֆեյսբուք»-ի իր էջի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը: «23 Օգոստոսին Գերմանիան ԵՄ խորհուրդին յայտնած է Գերմանիոյ կողմէ  ՀՀ- ԵՄ  համապարփակ համաձայնագրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերու  աւարտը»,- գրած է Նաղդալեանը:  Յիշեցնենք, որ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է Պրիւքսէլի մէջ 24 Նոյեմբեր 2017-ին: Համաձայնագիրը վաւերացուցած են Պուլկարիան, Դանիան, Էստոնիան, Լիթվանիան, Լատվիան, Լիւքսեմպուրկը, Մալթան, Լեհաստանը, Ռումանիան, Գերմանիան, Ֆինլանտան, Հունգարիան, Շուէտը, Սլովաքիան  եւ Կիպրոսը: Համաձայնագիրը վաւերացուցած է նաեւ Հայաստանը։
27 Օգոստոսի 2019
2 ր. ընթերցում
Գերմանիայէն կարեւոր   քայլ. Վաւերացուեցաւ  Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  համապարփակ  համաձայնագիրը

Գերմանիան Եւրոպական Միութեան խորհուրդին յայտնած է, թէ աւարտած է  Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործողութիւններու համաձայնագրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը։

    Այս մասին «Ֆեյսբուք»-ի իր էջի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը:

«23 Օգոստոսին Գերմանիան ԵՄ խորհուրդին յայտնած է Գերմանիոյ կողմէ  ՀՀ- ԵՄ  համապարփակ համաձայնագրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերու  աւարտը»,- գրած է Նաղդալեանը:

 Յիշեցնենք, որ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է Պրիւքսէլի մէջ 24 Նոյեմբեր 2017-ին: Համաձայնագիրը վաւերացուցած են Պուլկարիան, Դանիան, Էստոնիան, Լիթվանիան, Լատվիան, Լիւքսեմպուրկը, Մալթան, Լեհաստանը, Ռումանիան, Գերմանիան, Ֆինլանտան, Հունգարիան, Շուէտը, Սլովաքիան  եւ Կիպրոսը: Համաձայնագիրը վաւերացուցած է նաեւ Հայաստանը։

Կարեւոր զարգացում Երեւանի մէջ. Գագիկ Խաչատրեան  ձերբակալուեցաւ
Նախորդ նիւթը

Կարեւոր զարգացում Երեւանի մէջ. Գագիկ Խաչատրեան ձերբակալուեցաւ

Ինչ տեսք ունի  աղէտահար Ամազոնը
Յաջորդ նիւթը

Ինչ տեսք ունի  աղէտահար Ամազոնը

ԱնցնիլՎեր