Կարեւոր զարգացում Երեւանի մէջ. Գագիկ Խաչատրեան ձերբակալուեցաւ

 Պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի վատնման կասկածանքով   այսօր  ձերբակալուած է  Գագիկ  Խաչատրեանը։  Այս մասին   տեղեկութիւնը  հաղորդեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան  (ԱԱԾ) պաշտօնական կայքէջը։ Նշենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքը խուզարկութիւն իրականացուցած է Գագիկ Խաչատրեանին պատկանող բնակարանին, առանձնատան, տարածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Գագիկ Խաչատրեանի հետ կապ ունեցող այլ անձանց տարածքներուն եւ առանձնատուներուն մէջ: Ըստ ԱԱԾ հաղորդագրութեան, նախաքննութիւնը կը շարունակուի։ Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը յայտնած է, որ չի բացառուիր, որ մեղադրանքը լրացուի նաեւ այլ յօդուածներով։
27 Օգոստոսի 2019
2 ր. ընթերցում
Կարեւոր զարգացում Երեւանի մէջ. Գագիկ Խաչատրեան  ձերբակալուեցաւ

 Պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի վատնման կասկածանքով   այսօր  ձերբակալուած է  Գագիկ  Խաչատրեանը։  Այս մասին   տեղեկութիւնը  հաղորդեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան  (ԱԱԾ) պաշտօնական կայքէջը։

Նշենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքը խուզարկութիւն իրականացուցած է Գագիկ Խաչատրեանին պատկանող բնակարանին, առանձնատան, տարածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Գագիկ Խաչատրեանի հետ կապ ունեցող այլ անձանց տարածքներուն եւ առանձնատուներուն մէջ:

Ըստ ԱԱԾ հաղորդագրութեան, նախաքննութիւնը կը շարունակուի։ Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը յայտնած է, որ չի բացառուիր, որ մեղադրանքը լրացուի նաեւ այլ յօդուածներով։

TOP UPCOMING ACTION MOVIES Trailer (2019/2020)
Նախորդ նիւթը

TOP UPCOMING ACTION MOVIES Trailer (2019/2020)

Գերմանիայէն կարեւոր   քայլ. Վաւերացուեցաւ  Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  համապարփակ  համաձայնագիրը
Յաջորդ նիւթը

Գերմանիայէն կարեւոր քայլ. Վաւերացուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ համաձայնագիրը

ԱնցնիլՎեր