Գերմանիայէն 15 ոստիկաններ պիտի դիտարկեն հայ-ատրպէյճանական սահմանը

Գերմանիայէն 15 ոստիկաններ պիտի մասնակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման միջազգային առաքելութեան, անզէն իրաւապահները սահմանին պարեկութիւն պիտի իրականացնեն հայկական կողմէն: Այս մասին Պերլինի մէջ յայտարարեց կառավարութեան բանբեր Շտեֆեն Հեպեշթրէյթ «Նոր առաքելութիւնը անհրաժեշտ է, քանի որ իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին կը շարունակէ լարուած մնալ»,- աւելցուցած է ան: Գերմանիոյ կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ նաեւ քաղաքացիական փորձագէտներ ուղարկել: Ընդհանուր առմամբ շուրջ 100 կիներ եւ տղամարդիկ պիտի մասնակցին Եւրոպական Միութեան առաքելութեան, զոր կը գլխաւորէ Գերմանիոյ դաշնակցային ոստիկանը: Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի դիտարկումը պիտի մեկնարկի յաջորդ երկուշաբթի։ Անոր յայտարարուած նպատակը անզէն պարեկներու օգնութեամբ հրադադարի պահպանման հետեւիլն է։ Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ առաքելութեան
16 Փետրվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Գերմանիայէն 15 ոստիկաններ պիտի դիտարկեն հայ-ատրպէյճանական սահմանը

Գերմանիայէն 15 ոստիկաններ պիտի մասնակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման միջազգային առաքելութեան, անզէն իրաւապահները սահմանին պարեկութիւն պիտի իրականացնեն հայկական կողմէն: Այս մասին Պերլինի մէջ յայտարարեց կառավարութեան բանբեր Շտեֆեն Հեպեշթրէյթ

«Նոր առաքելութիւնը անհրաժեշտ է, քանի որ իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին կը շարունակէ լարուած մնալ»,- աւելցուցած է ան:

Գերմանիոյ կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ նաեւ քաղաքացիական փորձագէտներ ուղարկել:

Ընդհանուր առմամբ շուրջ 100 կիներ եւ տղամարդիկ պիտի մասնակցին Եւրոպական Միութեան առաքելութեան, զոր կը գլխաւորէ Գերմանիոյ դաշնակցային ոստիկանը:

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի դիտարկումը պիտի մեկնարկի յաջորդ երկուշաբթի։ Անոր յայտարարուած նպատակը անզէն պարեկներու օգնութեամբ հրադադարի պահպանման հետեւիլն է։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ առաքելութեան կազմին մէջ Ֆրանսայէն ութ ոստիկան պիտի ընդգրկուի։

Ատրպէյճան դարձեալ արգելափակեց Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատարը
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճան դարձեալ արգելափակեց Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատարը

Սփիւռքահայ մասնագէտները կը հրաւիրուին աշխատելու ՀՀ կառավարման համակարգին մէջ
Յաջորդ նիւթը

Սփիւռքահայ մասնագէտները կը հրաւիրուին աշխատելու ՀՀ կառավարման համակարգին մէջ

ԱնցնիլՎեր