Գիշերուայ ընթացքին Արցախի մէջ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն. մանրամասներ սահմանէն

30 Սեպտեմբերի լոյս 1 Հոկտեմբերի գիշերուան ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտին մէջ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն: Առանձին ուղղութիւններով շարունակուած են փոխհրաձգութիւնները հրետանային ու հրաձգային զինատեսակներէ:  Ինչպէս կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, Մարտակարգերը բարելաւելու նպատակով հակառակորդը փորձած է իրականացնել որոշակի վերախմբաւորումներ ու զօրաշարժեր, որոնք ժամանակին հաւաստանշուած ու կանխուած են ՊԲ ստորաբաժանումներուն կողմէ:  «Դաշտային-մարտավարական իրադրութիւնը փոփոխութեան չէ ենթարկուած: Այս պահուն կայուն լարուածութիւնը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը պահպանուի: ՊԲ ստորաբաժանումներն ու մարտական խնդիրներ կատարող ազատամարտիկները պատրաստ են հետագայ մարտական գործողութիւններուն»,- կը նշեն Պաշտպանութեան բանակէն: 
1 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Գիշերուայ ընթացքին Արցախի մէջ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն. մանրամասներ սահմանէն

30 Սեպտեմբերի լոյս 1 Հոկտեմբերի գիշերուան ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտին մէջ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն: Առանձին ուղղութիւններով շարունակուած են փոխհրաձգութիւնները հրետանային ու հրաձգային զինատեսակներէ: 

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, Մարտակարգերը բարելաւելու նպատակով հակառակորդը փորձած է իրականացնել որոշակի վերախմբաւորումներ ու զօրաշարժեր, որոնք ժամանակին հաւաստանշուած ու կանխուած են ՊԲ ստորաբաժանումներուն կողմէ: 

«Դաշտային-մարտավարական իրադրութիւնը փոփոխութեան չէ ենթարկուած: Այս պահուն կայուն լարուածութիւնը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը պահպանուի: ՊԲ ստորաբաժանումներն ու մարտական խնդիրներ կատարող ազատամարտիկները պատրաստ են հետագայ մարտական գործողութիւններուն»,- կը նշեն Պաշտպանութեան բանակէն: 

4 օրուան ընթացքին զարնուած է գրեթէ այնքան թշնամական սարք, որքան Արցախեան պատերազմի ժամանակ. ԱՀ Նախագահ
Նախորդ նիւթը

4 օրուան ընթացքին զարնուած է գրեթէ այնքան թշնամական սարք, որքան Արցախեան պատերազմի ժամանակ. ԱՀ Նախագահ

Մաքրոնն ու Փութինը քննարկած են իրավիճակը Ղարաբաղի մէջ
Յաջորդ նիւթը

Մաքրոնն ու Փութինը քննարկած են իրավիճակը Ղարաբաղի մէջ

ԱնցնիլՎեր