ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կոչ կ’ընէ հնարաւորինս շուտ դադրեցնելու կրակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
«Բայց, ամէն պարագայի, մենք կը յորդորենք, եւ ես կ’ուզեմ այդ նորէն ըսել, մենք կոչ կ’ընենք կրակը դադարեցնելու, եւ այն պէտք է ըլլայ հնարաւորինս շուտ», — ըսած է ան «Ռոսիա 24» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:
Ռուսաստանի նախագահի խօսքով՝ Հայաստանի ղեկավարութիւնը դաշնակցային պարտաւորութիւններու կատարման վերաբերեալ հարցեր չունի Ռուսաստանի հետ։
«Հայաստանը ՀԱՊԿ անդամ է, մենք Հայաստանի առջեւ որոշակի պարտաւորութիւններ ունինք այդ պայմանագրի շրջանակներէն ներս։ Բայց մարտական գործողութիւնները, ցաւօք, կը շարունակուին մինչ օրս: Անոնք կ’ընթանան Հայաստանի տարածքէն դուրս», — ըսած է Փութինը՝ աւելցնելով, որ Ռուսաստանի կողմէ այդ պայմանագրի շրջածիրէն ներս իր պայմանագրային պարտաւորութիւններու կատարման մասին կասկած չի կրնար ըլլալ:
«Մենք միշտ կատարած ենք, կը կատարենք եւ պիտի կատարենք մեր պարտաւորութիւնները», — ըսած է ան՝ նկատելով, որ Հայաստանի վարչապետի հետ մշտական աշխատանքային շփման մէջ է: «Հայաստանի ղեկավարութեան մօտ Ռուսաստանի կողմէ իր դաշնակցային պարտաւորութիւններու կատարման որակի վերաբերեալ ոչ մէկ հարց կ’առաջանայ»,- ըսած է ՌԴ նախագահը: