Դուրսը կարելի է գտնուիլ միայն կենսական անհրաժեշտութեան պարագային ու անձը հաստատող փաստաթուղթով. ՀՀ-ի մէջ քարանթինային միջոցառումները կը խստացուին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր ըսած է, որ առնուազն մէկ շաբաթ խիստ սահմանափակումներ պիտի կիրառուին քաղաքացիներու տեղաշարժի հետ կապուած: «Այսօրուընէ տունէն պէտք է դուրս գալ միայն կենսական անհրաժեշտութեան պարագային եւ ունենալով անձը հաստատող փաստաթուղթ: Փողոց դուրս եկած մեր քաղաքացիները պէտք է բացատրութիւն ունենան, թէ ինչու դուրս եկած են»,- ըսած է վարչապետը:  Ան տեղեկացուցած է, որ պարէտատունը սահմանած է յատուկ ձեւաթուղթ, որ պէտք է լրացնել:  Նիկոլ Փաշինեանը կոչ ըրած է նաեւ 2 հոգիէ աւելի չհաւաքուիլ միեւնոյն վայրին մէջ, եւ իրարմէ պահպանել 10 մ հեռաւորութիւն:  Ան տեղեկացուցած է, որ այսօր՝ 18:30-ի դրությամբ, Հայաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի 249 դէպք, մէկի վիճակը ծայրայեղ ծանր է՝ 77-ամեայ քաղաքացիի, չորսինը՝ ծանր:  «Պէտք է ամէն ինչ ընենք՝
24 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Դուրսը կարելի է գտնուիլ միայն կենսական անհրաժեշտութեան պարագային ու անձը հաստատող փաստաթուղթով. ՀՀ-ի մէջ քարանթինային միջոցառումները կը խստացուին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր ըսած է, որ առնուազն մէկ շաբաթ խիստ սահմանափակումներ պիտի կիրառուին քաղաքացիներու տեղաշարժի հետ կապուած:

«Այսօրուընէ տունէն պէտք է դուրս գալ միայն կենսական անհրաժեշտութեան պարագային եւ ունենալով անձը հաստատող փաստաթուղթ: Փողոց դուրս եկած մեր քաղաքացիները պէտք է բացատրութիւն ունենան, թէ ինչու դուրս եկած են»,- ըսած է վարչապետը: 

Ան տեղեկացուցած է, որ պարէտատունը սահմանած է յատուկ ձեւաթուղթ, որ պէտք է լրացնել: 

Նիկոլ Փաշինեանը կոչ ըրած է նաեւ 2 հոգիէ աւելի չհաւաքուիլ միեւնոյն վայրին մէջ, եւ իրարմէ պահպանել 10 մ հեռաւորութիւն: 

Ան տեղեկացուցած է, որ այսօր՝ 18:30-ի դրությամբ, Հայաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի 249 դէպք, մէկի վիճակը ծայրայեղ ծանր է՝ 77-ամեայ քաղաքացիի, չորսինը՝ ծանր: 

«Պէտք է ամէն ինչ ընենք՝ մահուան ելքերով դէպքերը բացառելու համար»,- ըսած է վարչապետը: 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի դէմ պայքարը կը մտնէ նոր փուլ. Կը փակուին սրճարանները
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի դէմ պայքարը կը մտնէ նոր փուլ. Կը փակուին սրճարանները

ՌԱԿ-ի հետ համագործակցութիւնը միաժամանակ պատուաբեր եւ պարտաւորեցնող է. Մասիս Մայիլեան
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի հետ համագործակցութիւնը միաժամանակ պատուաբեր եւ պարտաւորեցնող է. Մասիս Մայիլեան

ԱնցնիլՎեր