Եթէ օր մը Թուրքիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այդ առաջին հերթին լաւ կ’ըլլայ իրեն համար. ՀՀ նախագահ՝ StratNews Global-ին

Ցեղասպանութեան ժխտման խնդիրը կու գայ անկէ, որ ան չէ ճանչցուած Թուրքիոյ կողմէ: Այս մասին տեսակապի միջոցով հնդկական StratNews Global հեղինակաւոր տեղեկատուական  հարթակին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան: Հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէք այն փաստը, որ Թուրքիան կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ՀՀ նախագահը պատասխանած է. «Քանի մը կէտ կ’առանձնացնեմ, որմէ առաջինը կ’անուանեմ՝ ուժ: Եթէ դուք կ’ընդունիք ձեր սխալները, ապա ուժեղ էք, կը կարողանաք ըսել՝ այո՛, սխալ քայլ ըրած եմ եւ կը ցաւիմ ատոր համար: Այդ քայլը ձեզի թոյլ չի դարձներ այլ կը զօրացնէ: Երկրորդ կէտը կ’անուանեմ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն: 1,5 միլիոն մարդ նահատակուեցաւ նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Այդ մարդիկ այնտեղ կ’ապրէին
18 Մայիսի 2020
6 ր. ընթերցում
Եթէ օր մը Թուրքիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այդ առաջին հերթին լաւ կ'ըլլայ իրեն համար. ՀՀ նախագահ՝ StratNews Global-ին

Ցեղասպանութեան ժխտման խնդիրը կու գայ անկէ, որ ան չէ ճանչցուած Թուրքիոյ կողմէ: Այս մասին տեսակապի միջոցով հնդկական StratNews Global հեղինակաւոր տեղեկատուական  հարթակին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէք այն փաստը, որ Թուրքիան կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ՀՀ նախագահը պատասխանած է. «Քանի մը կէտ կ’առանձնացնեմ, որմէ առաջինը կ’անուանեմ՝ ուժ: Եթէ դուք կ’ընդունիք ձեր սխալները, ապա ուժեղ էք, կը կարողանաք ըսել՝ այո՛, սխալ քայլ ըրած եմ եւ կը ցաւիմ ատոր համար: Այդ քայլը ձեզի թոյլ չի դարձներ այլ կը զօրացնէ:

Երկրորդ կէտը կ’անուանեմ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն: 1,5 միլիոն մարդ նահատակուեցաւ նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Այդ մարդիկ այնտեղ կ’ապրէին հազարաւոր տարիներ. հայերը նորեկներ չէին: Իսկ ո՞ւր մնացին անոնց մշակոյթը, հազարաւոր եկեղեցիները, ամրոցները, մշակութային կեդրոնները, մեծ գրականութիւնը եւ այլն: Կայ պատմութիւն, եւ աշխարհը այն ճանչցած է:

Եթէ օր մը Թուրքիան պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա այդ առաջին հերթին լաւ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ժողովուրդի եւ Թուրքիոյ համար: Օրինակ՝ Թուրքիան կ’ուզէ միանալ Եւրոպական միութեան, սակայն եւրոպական ամենամեծ արժէքներէն մէկը հանդուրժողականութիւնն է, որ Եւրոպան միասնական կը պահէ: Կարեւոր է ճանչնալ պատմութիւնը եւ հանդուրժողականութեան ճանապարհով երթալ:

1915 թուականին մենք կորսնցուցինք 1,5 միլիոն մարդ: Պարզ թուաբանական հաշուարկով՝ եթէ այդ տեղի չունենար, ամբողջ աշխարհի հայերը, որոնք այսօր մօտ 10 միլիոն են, որմէ 3 միլիոնը Հայաստան կ’ապրի, պիտի ըլլային 20-25 միլիոն: Սա միայն 1,5 միլիոն հայերու մահուան մասին չէ, այլ սերունդներու կորուստ է, մարդիկ, որոնք չծնեցան:

Մենք նաեւ դարեր ի վեր տարբեր մշակոյթներու, տեղեկատուութեան կրողներ, վաճառականներ եղած ենք: Հայերը մշտապէս կապուած եղած են տարբեր մշակոյթներու հետ: Հայերը քաղաքակրթութեան խաչմերուկի վրայ եղած են, մենք առաջին քրիստոնեայ երկիրն ենք աշխարհի մէջ, մենք շատ տառապած ենք, ինչը, կը կարծեմ, մեզի զօրաւոր, վերապրող ժողովուրդ դարձուցած է: 21-րդ դարուն անհատական վերապրողները դեռ կը շարունակեն շատ կարեւոր ըլլալ»:

Արայիկ Յարութիւնեանի երդմանկալութեան արարողութիւնը՝ 21 մայիսին
Նախորդ նիւթը

Արայիկ Յարութիւնեանի երդմանկալութեան արարողութիւնը՝ 21 մայիսին

Տինքը սպանած թուրք ազգայնականը դուրս պիտի գայ բանտէն
Յաջորդ նիւթը

Տինքը սպանած թուրք ազգայնականը դուրս պիտի գայ բանտէն

ԱնցնիլՎեր