ԵԽ գլխաւոր քարտուղարը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Նիկոլ Փաշինեանին

Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչը շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող կայացման կապակցութեամբ: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Յարգելի պարոն վարչապետ, Կը շնորհաւորեմ 20 Յունիսի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող կայացման կապակցութեամբ: Կ’ողջունեմ այն փաստը, որ միջազգային դիտորդները, այդ շարքին՝ մեր խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը, այդ ընտրութիւնները գնահատեցին որպէս մրցակցային եւ ընդհանուր առմամբ լաւ կազմակերպուած: Կարեւոր է, որ ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց տուիին հայ ժողովուրդի անվերապահ աջակցութիւնը Ձեր ղեկավարութեամբ իրականացուող բարեփոխումներու քաղաքականութեան: Հիմա, երբ ընտրարշաւը աւարտած է, ժամանակն է կեդրոնանալու քաղաքական կուսակցութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ կառուցողական երկխօսութեան վրայ: Այդ առումով կը հաւաստեմ բարեփոխումներու գործընթացին Հայաստանին շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելու Եւրոպայի խորհուրդի պատրաստակամութիւնը՝ հիմնուելով մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան
30 Հունիսի 2021
3 ր. ընթերցում
ԵԽ գլխաւոր քարտուղարը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Նիկոլ Փաշինեանին

Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչը շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող կայացման կապակցութեամբ: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Յարգելի պարոն վարչապետ,

Կը շնորհաւորեմ 20 Յունիսի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող կայացման կապակցութեամբ: Կ’ողջունեմ այն փաստը, որ միջազգային դիտորդները, այդ շարքին՝ մեր խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը, այդ ընտրութիւնները գնահատեցին որպէս մրցակցային եւ ընդհանուր առմամբ լաւ կազմակերպուած:

Կարեւոր է, որ ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց տուիին հայ ժողովուրդի անվերապահ աջակցութիւնը Ձեր ղեկավարութեամբ իրականացուող բարեփոխումներու քաղաքականութեան: Հիմա, երբ ընտրարշաւը աւարտած է, ժամանակն է կեդրոնանալու քաղաքական կուսակցութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ կառուցողական երկխօսութեան վրայ: Այդ առումով կը հաւաստեմ բարեփոխումներու գործընթացին Հայաստանին շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելու Եւրոպայի խորհուրդի պատրաստակամութիւնը՝ հիմնուելով մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան չափորոշիչներուն վրայ»:

Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ պիտի ստեղծուի ԹՈՒՄՕ կեդրոն
Նախորդ նիւթը

Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ պիտի ստեղծուի ԹՈՒՄՕ կեդրոն

«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի 2021-ի փառատօնը՝ Հոկտեմբերին
Յաջորդ նիւթը

«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի 2021-ի փառատօնը՝ Հոկտեմբերին

ԱնցնիլՎեր