«Եկած է փոփոխութիւններու ժամը…» Մասիս Մայիլեան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան յայտարարած է, որ 2020-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան պիտի մասնակցի իբրեւ թեկնածու: Ան այս մասին ան գրած է դիմատետրի իր էջին, դիտել տալով, որ 13 օգոստոսին կրկին դիմատետրի վրայ կատարած իր գրառումը, որուն համաձայն, հաւանական նկատած է ընտրութեան մասնակցութիւնը, դրական արձագանգ գտած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: «Արցախի քաղաքացիներու, քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու, Հայաստանի կառավարական եւ քաղաքական շրջանակներու, սփիւռքի ազգային գործիչներու հետ տեղի ունեցած քննարկումները ցոյց տուած են, որ առկայ են անհրաժեշտ նախադրեալներ` Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւնս առաջադրելու մասին որոշում տալու համար: Քանի որ արդէն իսկ առկայ նախադրեալները կ՛երաշխաւորեն 2020-ի
9 Հոկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
«Եկած է փոփոխութիւններու ժամը...» Մասիս Մայիլեան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան յայտարարած է, որ 2020-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան պիտի մասնակցի իբրեւ թեկնածու:

Ան այս մասին ան գրած է դիմատետրի իր էջին, դիտել տալով, որ 13 օգոստոսին կրկին դիմատետրի վրայ կատարած իր գրառումը, որուն համաձայն, հաւանական նկատած է ընտրութեան մասնակցութիւնը, դրական արձագանգ գտած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ:

«Արցախի քաղաքացիներու, քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու, Հայաստանի կառավարական եւ քաղաքական շրջանակներու, սփիւռքի ազգային գործիչներու հետ տեղի ունեցած քննարկումները ցոյց տուած են, որ առկայ են անհրաժեշտ նախադրեալներ` Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւնս առաջադրելու մասին որոշում տալու համար:

Քանի որ արդէն իսկ առկայ նախադրեալները կ՛երաշխաւորեն 2020-ի ընտրութեան յաջող կազմակերպումը եւ վստահութիւն կը ներշնչեն Արցախի զարգացման զանազան ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացման գործին մէջ, ես որոշած եմ առաջադրել թեկնածութիւնս»:

Քիւրտերը Ռուսաստանէն պաշտպանութիւն խնդրած են Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններէն առաջ
Նախորդ նիւթը

Քիւրտերը Ռուսաստանէն պաշտպանութիւն խնդրած են Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններէն առաջ

«Ցեղասպանութեան հարցով, երբեք պիտի չյանձնուիմ» Քիմ Քարտաշեան
Յաջորդ նիւթը

«Ցեղասպանութեան հարցով, երբեք պիտի չյանձնուիմ» Քիմ Քարտաշեան

ԱնցնիլՎեր