Քիւրտերը Ռուսաստանէն պաշտպանութիւն խնդրած են Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններէն առաջ

Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ Մասուտ Պարզանին դիմած է Ռուսաստանի արտաքն գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին՝ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը պաշտպանելու խնդրանքով, յայտնած է Rudaw-ը: Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Պարզանին, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի նախկին նախագահն է, իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին Սուրիոյ մէջ քիւրտերու ապագայի վերաբերեալ: «Ան խնդրած է Ռուսաստանէն միջամտել Սուրիոյ մէջ այս ժողովուրդի տառապանքները կանխելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: 7 Հոկտեմբերին յայտնի դարձած է, որ Միացեալ Նահանգները հրաժարած է աջակցիլ Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական գործողութիւններուն: Միեւնոյն ժամանակ, ԱՄՆ զինուած ուժերը այլեւս գործողութեան վայրի մօտ պիտի չգտնուին:
9 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Քիւրտերը Ռուսաստանէն պաշտպանութիւն խնդրած են Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններէն առաջ

Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ Մասուտ Պարզանին դիմած է Ռուսաստանի արտաքն գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին՝ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը պաշտպանելու խնդրանքով, յայտնած է Rudaw-ը:

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Պարզանին, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի նախկին նախագահն է, իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին Սուրիոյ մէջ քիւրտերու ապագայի վերաբերեալ: «Ան խնդրած է Ռուսաստանէն միջամտել Սուրիոյ մէջ այս ժողովուրդի տառապանքները կանխելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

7 Հոկտեմբերին յայտնի դարձած է, որ Միացեալ Նահանգները հրաժարած է աջակցիլ Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական գործողութիւններուն: Միեւնոյն ժամանակ, ԱՄՆ զինուած ուժերը այլեւս գործողութեան վայրի մօտ պիտի չգտնուին:

ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն՝ Հայկ Նագգաշեանի անուան մրցանակի տւչութիւն Երեւանի մէջ
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն՝ Հայկ Նագգաշեանի անուան մրցանակի տւչութիւն Երեւանի մէջ

«Եկած է փոփոխութիւններու ժամը...» Մասիս Մայիլեան
Յաջորդ նիւթը

«Եկած է փոփոխութիւններու ժամը…» Մասիս Մայիլեան

ԱնցնիլՎեր