ԵԿՔ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԸ ՄԵՐԸ ՊԱՀԵՆՔ. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ակնյայտ է, որ մանաւանդ 44-օրեայ աղետալի պատերազմէն ետք, Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները ենթարկուեցան խորունկ վշտի եւ տառապանքի։ Տարածուն սուգը եւ յուզական իրարանցումը աւելի ծանրացան մեր տեղահանուած հայրենակիցներու անձնական մտահոգութիւններով։ Սարսափելի մարտերէն մէկ տարի ետք, այժմ գալիք խստաշունչ ձմրան սկիզբը, Արցախահայութեան մեծ թիւ մը դեռ կը մնայ անօթեւան եւ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ։   Այդուհանդերձ, տուներէն ու տաք կացարաններէն բացի, դպրոցներ, դեղատուներ եւ շատ անփոխարինելի համայնքային հաստատութիւններ պէտք է ստեղծուին որքան հնարաւոր է շուտով, որպէսզի ապահովուի եւ տրուի Արցախի հայերուն համար պատկառելի կեանքի նուազագոյն պայմանը։ Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները պէտք է կատարուին հիմա, պէտք է կատարուին այսօր։ Հակառակ պարագային, կրնայ ուշ ըլլալ,
16 Նոյեմբերի 2021
12 ր. ընթերցում
LET’S KEEP HEROIC ARTSAKH OURS. ANNOUNCEMENT

Ակնյայտ է, որ մանաւանդ 44-օրեայ աղետալի պատերազմէն ետք, Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները ենթարկուեցան խորունկ վշտի եւ տառապանքի։ Տարածուն սուգը եւ յուզական իրարանցումը աւելի ծանրացան մեր տեղահանուած հայրենակիցներու անձնական մտահոգութիւններով։ Սարսափելի մարտերէն մէկ տարի ետք, այժմ գալիք խստաշունչ ձմրան սկիզբը, Արցախահայութեան մեծ թիւ մը դեռ կը մնայ անօթեւան եւ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ։
 
Այդուհանդերձ, տուներէն ու տաք կացարաններէն բացի, դպրոցներ, դեղատուներ եւ շատ անփոխարինելի համայնքային հաստատութիւններ պէտք է ստեղծուին որքան հնարաւոր է շուտով, որպէսզի ապահովուի եւ տրուի Արցախի հայերուն համար պատկառելի կեանքի նուազագոյն պայմանը։ Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները պէտք է կատարուին հիմա, պէտք է կատարուին այսօր։ Հակառակ պարագային, կրնայ ուշ ըլլալ, քանի որ հուսահատներն ու կարիքաւորները կրնան ստիպուիլ հեռանալ Արցախէն։ Բոլոր հնարաւոր պաշտպանական միջոցները պէտք է դիտարկուին՝ անդառնալի հետեւանքներէ խուսափելու համար։ Արցախէն հայերու վտարումը պէտք է կանխուի եւ համառօրէն դադրեցուի։

Հազարաւոր քաջ հերոսներ զոհեցին իրենց կեանքը հայրենի հողին ազատագրման եւ պաշտպանութեան համար։ Մինչդեռ, Սփիւռքի հայութեան մեծամասնութիւնը կրցաւ միայն դրամական օժանդակութիւն եւ բարոյական սատարութիւն տալ։ Վճռական պահը հասած է որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ցուցադրէ մեր իսկական հայրենասիրութիւնը խոհեմ եւ գործնական կերպով։ Անշուշտ, ԱՐՑԱԽԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱԳՈՅԸ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆՏՐՈՆԻՆ ՄԷՋ Է։ Ուստի, նոյնիսկ անհատական զոհողութիւններ ընելու գնով, պէտք է տանք մեր առաւելագոյնը։

Թող ոչ ոք փորձէ արդարացնել անձնական դժկամութիւնը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը, իւրաքանչիւր հայ պէտք է նպաստէ առաւելագոյն չափով՝ յստակ վճռականութեամբ եւ խղճմտանքով։ Հակառակը, պարզապէս պիտի նշանակէ դաւաճան ըլլալ։

Կը կոչ ընենք անյապաղ եւ առատաձեռն դրամական նուիրատուութիւններ կատարել հետեւեալ հաշիւներուն՝

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Կեդրոնական գործադիր գրասենեակը Երեւանի մէջ՝

ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւնները կրնան կատարուիլ հետեւեալ բանկային հաշիւով՝
Միջնորդ Բանկ՝               CITIBANK NA, NEW YORK

                                                SWIFT (BIC) ծածկագիր՝ CITIUS33

Շահառուի Բանկ՝                            AMERIABANK, YEREVAN

                                                SWIFT (BIC) ծածկագիր՝ ARMIAM22

Շահառուի Հաշիւ՝          1570003715320101

Շահառուի Անուն՝           HAYASTAN ALL ARMENIAN FUND

Վճարման մանրամասնութիւններ՝               ——————————————-
 

ԵՒՐՈ նուիրատուութիւնները կրնան կատարուիլ հետեւեալ բանկային հաշիւով՝
Միջնորդ Բանկ՝               RAIFFEISEN ZENTRALBANK

OESTERREICH AG

                                                SWIFT (BIC) ծածկագիր՝ RZBAATWW

Շահառուի Բանկ՝                            AMERIABANK, YEREVAN

                                                SWIFT (BIC) ծածկագիր՝ ARMIAM22

Շահառուի Հաշիւ՝          1570003715320146

Շահառուի Անուն՝           HAYASTAN ALL ARMENIAN FUND

Վճարման մանրամասնութիւններ՝               ——————————————-  
 

ԱՄՆ-ի ներսում նուիրատուութիւնները կրնան կատարուիլ՝
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի տեղական մասնաճիւղին։  (Armenia Fund, Inc)  (111 North Jackson St., Suite 205, Glendale, CA 91206, USA)
Բանկի անուն՝ Citizens Business Bank
Տիրապետող՝ Armenia Fund, Inc.
Բանկային հաշիւ՝ 0304002119
ROUTING/IBAN#: 122203471
SWIFT#: CBBKUS6LWIR

Ցաւօք, կարեւոր է նաեւ անդրադառնալ մէկ այլ տագնապալի խնդրի։
Արդէն որոշ ժամանակ է, որ դիտաւորեալ ծրագրուած եւ չարամտօրէն տարածուած, խաբուսիկ ապատեղեկատուութիւն եւ անհիմն պնդումներ ուղղուած են «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին։ Համոզուած ենք, որ այսպիսի զազրելի գործողութիւնները լաւագոյն պարագային, միայն կրնան հասցնել աւելի մեծ տառապանք մեր ժողովուրդին եւ մեր ազգին։
Ուստի հրամայական եւ կենսական է, որ մենք գիտակցաբար եւ կամովին արտայայտենք մեր անբասիր հայրենասիրութիւնը՝ սատարելով «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 2021 դրամահաւաքի քարոզարշաւին, հիմնականօրէն ի սատար Արցախի հայերուն։

ՌԱՄԿԱՒԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Դոկտ. Ռաֆֆի Պալեան | Քարտուղար
Մայքըլ Խարապեան | Ատենապետ

ՄԵ՛ՐԸ ՊԱՀԵՆՔ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԸ. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Նախորդ նիւթը

ՄԵ՛ՐԸ ՊԱՀԵՆՔ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԸ. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճանը գնդակոծած է ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիի հայկական դիրքերը․ ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը գնդակոծած է ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիի հայկական դիրքերը․ ՊՆ

ԱնցնիլՎեր