ԵՄ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի` Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ռազմական կցորդները այցելած են զօրամաս. «Սու-30սմ»-ները իրենց տեղն են

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵՄ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու ռազմական կցորդները այցելած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N օդանաւային զօրամաս: Հրամանատար, օդագնացութեան գնդապետ Սամուէլ Թաւադեան օտարերկրեայ հիւրերը ծանօթացուցած է զօրամասի առօրեայ գործունէութեան եւ պատասխանած է անոնց հետաքրքրող հարցերուն: Այնուհետեւ ռազմական կցորդները շրջայց կատարած են զօրամասի տարածքին ծանօթացած օդային սպառազինութեան ու ռազմական սարքերուն: Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ անոնց համար աւելի մեծ հետաքրքրութիւններկայացուցած են «Սու-30սմ» (Су-30СМ) օդանաւները: Ռազմական կցորդները, ըստ հաղորդագրութեան, նշած են, որ այցին շնորհիւ իրենք կրկին համոզուած են, որ բոլոր 4 «Սու-30» օդանաւները իրենց տեղն են, եւ որ ատրպէյճանական ու թրքական մամուլին մէջ շրջանառուող այն տեղեկութիւնները, որ անոնք կը մասնակցին
1 Ապրիլի 2022
4 ր. ընթերցում
ԵՄ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի` Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ռազմական կցորդները այցելած են  զօրամաս. «Սու-30սմ»-ները իրենց տեղն են

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵՄ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու ռազմական կցորդները այցելած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N օդանաւային զօրամաս: Հրամանատար, օդագնացութեան գնդապետ Սամուէլ Թաւադեան օտարերկրեայ հիւրերը ծանօթացուցած է զօրամասի առօրեայ գործունէութեան եւ պատասխանած է անոնց հետաքրքրող հարցերուն: Այնուհետեւ ռազմական կցորդները շրջայց կատարած են զօրամասի տարածքին ծանօթացած օդային սպառազինութեան ու ռազմական սարքերուն:

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ անոնց համար աւելի մեծ հետաքրքրութիւններկայացուցած են «Սու-30սմ» (Су-30СМ) օդանաւները: Ռազմական կցորդները, ըստ հաղորդագրութեան, նշած են, որ այցին շնորհիւ իրենք կրկին համոզուած են, որ բոլոր 4 «Սու-30» օդանաւները իրենց տեղն են, եւ որ ատրպէյճանական ու թրքական մամուլին մէջ շրջանառուող այն տեղեկութիւնները, որ անոնք կը մասնակցին Ուքրանիոյ մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն, չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Յիշեցնենք, որ օրրերս Թուրքիոյ մէջ հեռարձակուող ատրպէյճանական «Haber Global» հեռուստաընկերութիւնը, յղում կատարելով Թուրքիոյ հետախուզութեան անյայտ աղբիւրներուն, յայտնածէր, որ Հայաստանը Ռուսաստանին փոխանցած է չորս «Սու-30» ինքնաթիռ` Ուքրանիոյ դէմ մարտական գործողութիւններու ընթացքին կիրառելու նպատակով, ինչը թէ՛ ՀՀ Պաշտպաութեան նախարարութիւնը, թէ՛ Հայաստանի վարչապետը հերքած են:

 

Ատրպէյճան կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ լայնամաշտապ պատերազմի օրինականութիւն ձեւաւորել
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճան կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ լայնամաշտապ պատերազմի օրինականութիւն ձեւաւորել

Հայաստան կ՚ակնկալէ, որ ՌԴ խաղաղապահները դուրս հանեն Ատրպէյճանի ուժերը Արցախէն. Փաշինեան՝ Փութինին
Յաջորդ նիւթը

Հայաստան կ՚ակնկալէ, որ ՌԴ խաղաղապահները դուրս հանեն Ատրպէյճանի ուժերը Արցախէն. Փաշինեան՝ Փութինին

ԱնցնիլՎեր