ԵՄ-ն ազնիւ միջնորդ է. Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու պիտի հանդիպին Պրիւքսէլի մէջ. Ալիեւ

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի կայացնել Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» միջազգային համաժողովի մասնակիցներու հետ հանդիպման ժամանակ: Երկրի ղեկավարը նշած է Եւրոմիութեան, մասնաւորապէս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի աշխոյժ դերը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ` յիշեցնելով, որ ԵՄ նախաձեռնութեամբ արդէն կայացած է 2 եռակողմ հանդիպում: «Մենք նաեւ հեռախօսազրոյցներ կ’ունենանք: Կը նախատեսուի Մայիսի սկիզբը կրկին կայացնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու հանդիպումը Պրիւքսէլի մէջ», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը: Ան ընդգծած է, որ Պաքուն բարձր կը գնահատէ ԵՄ դերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու յետհակամարտութեան
29 Ապրիլի 2022
4 ր. ընթերցում
ԵՄ-ն ազնիւ միջնորդ է. Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու պիտի հանդիպին Պրիւքսէլի մէջ. Ալիեւ

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի կայացնել Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» միջազգային համաժողովի մասնակիցներու հետ հանդիպման ժամանակ:

Երկրի ղեկավարը նշած է Եւրոմիութեան, մասնաւորապէս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի աշխոյժ դերը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ` յիշեցնելով, որ ԵՄ նախաձեռնութեամբ արդէն կայացած է 2 եռակողմ հանդիպում:

«Մենք նաեւ հեռախօսազրոյցներ կ’ունենանք: Կը նախատեսուի Մայիսի սկիզբը կրկին կայացնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու հանդիպումը Պրիւքսէլի մէջ», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ան ընդգծած է, որ Պաքուն բարձր կը գնահատէ ԵՄ դերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու յետհակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ:

«Մենք Եմ-ն կը համարենք ազնիւ միջնորդ եւ կ’ողջունենք անոնց ջանքերը: Եթէ Մինսքի խումբը այժմ չի գործեր, մենք կը կարծենք, որ ԵՄ-ն կրնայ իր դերը կատարել կարգաւորման գործընթացին մէջ», ըսած է Ալիեւ:

«Մենք կը սատարենք անոր եւ արդէն կը տեսնենք մեր աշխատանքին պտուղները… Պրիւքսէլը դարձած է իմ հիմնական այցելութիւններուս վայրը», յաւելած է ան:

 

Երեւանի ցոյցերու մասնակից 11 քաղաքացի բերման ենթարկուած է, 2-ը՝ զէնք պահելու կասկածանքով․ Ոստիկանութիւն
Նախորդ նիւթը

Երեւանի ցոյցերու մասնակից 11 քաղաքացի բերման ենթարկուած է, 2-ը՝ զէնք պահելու կասկածանքով․ Ոստիկանութիւն

Այս ճանապարհին մեր ծնկները չեն ծալուել ու չեն ծալուելու. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը Քաղաքացիի օրուան առթիւ
Յաջորդ նիւթը

Այս ճանապարհին մեր ծնկները չեն ծալուել ու չեն ծալուելու. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը Քաղաքացիի օրուան առթիւ

ԱնցնիլՎեր