ԵՄ-ն կոչ կ’ընէ Պաքուին անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները

ԵՄ-ն կ’ողջունէ Ատրպէյճանի կողմէ 5 հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը, որոնք գերեվարուած էին նոյեմբերին, եւ կոչ կ’ընէ անյապաղ ազատ արձակելու մնացած 57-ը: Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով քարտուղար Փիթըր Սթանոն: Անոր խօսքով՝ «այդ կը նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման, որ կարեւոր է տարածաշրջանին մէջ ամուր խաղաղութեան համար»: Յիշեցնենք, որ երէկ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ Ատրպէյճանը Հայաստանին փոխանցած էր 5 ռազմագերիներ, Երեւանը փոխանցած էր՝ մէկ: Նշենք, որ մինչ օրս յայտնի չէ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու յստակ թիւը: Իշխանութիւնները կը հրաժարին յստակ թիւ նշել՝ յղում ընելով «պետական գաղտնիքին», եւ այն, որ այդ «կրնայ վնասել անոնց ազատ
29 Հունվարի 2021
2 ր. ընթերցում
ԵՄ-ն կոչ կ'ընէ Պաքուին անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները

ԵՄ-ն կ’ողջունէ Ատրպէյճանի կողմէ 5 հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը, որոնք գերեվարուած էին նոյեմբերին, եւ կոչ կ’ընէ անյապաղ ազատ արձակելու մնացած 57-ը: Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով քարտուղար Փիթըր Սթանոն:

Անոր խօսքով՝ «այդ կը նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման, որ կարեւոր է տարածաշրջանին մէջ ամուր խաղաղութեան համար»:

Յիշեցնենք, որ երէկ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ Ատրպէյճանը Հայաստանին փոխանցած էր 5 ռազմագերիներ, Երեւանը փոխանցած էր՝ մէկ:

Նշենք, որ մինչ օրս յայտնի չէ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու յստակ թիւը: Իշխանութիւնները կը հրաժարին յստակ թիւ նշել՝ յղում ընելով «պետական գաղտնիքին», եւ այն, որ այդ «կրնայ վնասել անոնց ազատ արձակման գործընթացին»:

Ոչ պաշտօնական տուեալներով՝ անոնց թիւը կը տատանի 100-էն 235-ի միջեւ:

Հայրենիք վերադարձած 5 գերիները Շիրակի մարզի 62 զինծառայողներէն են. անոնց առողջական վիճակը լաւ է
Նախորդ նիւթը

Հայրենիք վերադարձած 5 գերիները Շիրակի մարզի 62 զինծառայողներէն են. անոնց առողջական վիճակը լաւ է

Ռուս սակրաւորները ԼՂ-ի մէջ վնասազերծած են աւելի քան 15,5 հազար պայթիւնավտանգ առարկայ
Յաջորդ նիւթը

Ռուս սակրաւորները ԼՂ-ի մէջ վնասազերծած են աւելի քան 15,5 հազար պայթիւնավտանգ առարկայ

ԱնցնիլՎեր