Եւրոմիութիւնն ու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը երեք տարուան ընթացքին 40 մլն եւրո պիտի ծախսեն Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակի դէմ պատուաստանիւթի հասանելիութեան ապահովման նպատակով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը յայտնէ Reuters-ը:
«Ի սկզբանէ նիւթական միջոցները պիտի օգտագործուին յաջակցութիւն նախապատրաստական փուլերուն, յատկապէս պիտի շեշտադրուին հրատապ կարիքները ռազմավարական ոլորտի մէջ, ինչպիսիք են ծրագրաւորումը, սարքաւորումները, բուժաշխատողներու վերապատրաստումն ու տեղեկատւութիւնը»,-յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը՝ նշելով, որ անոր պիտի յաջորդէ աջակցութիւնը պատուաստանիւթերու արդիւնաւէտ տեղաբաշխմանն ու վերահսկողութեան: