Երասխի մէջ մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է 38–ամեայ պայմանագրային զինծառայող. ՀՀ ՊՆ

14 Յուլիսի առաւօտեան հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած սադրանքի հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացաղ է 1983 թուականին ծնած, ՀՀ ԶՈւ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, շարքային Սամուէլ Գագիկի Ալավերդեանը: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կ’իսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Նշենք, որ Ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները, մարտական դիրքերու առաջխաղացման նպատակով, փորձած են ճարտարապետական տեխնիկայի կիրառմամբ ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնել:  Հայկական կողմի՝ նշուած աշխատանքները դադրեցնելուն միտուած հակազդող գործողութիւններէն ետք ատրպէյճանցի զինծառայողները նշանառու կրակ բացած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈՒ զինծառայողը: Կորուստներ ունի նաեւ ատրպէյճանական
14 Հուլիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Երասխի մէջ մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է 38–ամեայ պայմանագրային զինծառայող. ՀՀ ՊՆ

14 Յուլիսի առաւօտեան հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած սադրանքի հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացաղ է 1983 թուականին ծնած, ՀՀ ԶՈւ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, շարքային Սամուէլ Գագիկի Ալավերդեանը: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կ’իսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Նշենք, որ Ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները, մարտական դիրքերու առաջխաղացման նպատակով, փորձած են ճարտարապետական տեխնիկայի կիրառմամբ ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնել: 

Հայկական կողմի՝ նշուած աշխատանքները դադրեցնելուն միտուած հակազդող գործողութիւններէն ետք ատրպէյճանցի զինծառայողները նշանառու կրակ բացած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈՒ զինծառայողը: Կորուստներ ունի նաեւ ատրպէյճանական կողմը:

 

Տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ
Նախորդ նիւթը

Տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ

ԱՄՆ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել բոլոր գերիներու վերադարձը ապահովելու համար․ Պլինքենը՝ Փաշինեանին
Յաջորդ նիւթը

ԱՄՆ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել բոլոր գերիներու վերադարձը ապահովելու համար․ Պլինքենը՝ Փաշինեանին

ԱնցնիլՎեր