Երեւանը պատրաստ չէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման. Ալիեւ

«Ոչ պաշտօնական խողովակներով ստացուող տեղեկատուութեան համաձայն` Հայաստանը պատրաստ չէ խաղաղ համաձայնագրի ստորագրման», — 14 Յուլիսին, Պաքուի մէջ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, պնդելով, որ նման մօտեցում «մեծ սխալ կ’ըլլայ հայերու կողմէ»։ Ատրպէյճանի ղեկավարի այս յայտարարութիւնը հնչած է Պաքուի Խոճասան թաղամասին մէջ, ուր Ալիեւ բնակարաններ եւ ինքնաշարժեր կը նուիրէր պատերազմի ընթացքին հաշմանդամ դարձած զինծառայողներուն եւ պատերազմի զոհերու ընտանիքներուն։ «Կողմերը պէտք է ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանները, սկսին աշխատանքներ տանիլ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ։ Սահմանազատման հարցով միջազգային կազմակերպութիւններէն եւս այժմ դրական ազդակներ կը ստացուին։ Եթէ Հայաստանը չի ցանկար այդ ընել, իր գործն է։ Անոնք, սակայն, պէտք է լաւ մտածեն այդ ուղղութեամբ, քանի
15 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Երեւանը պատրաստ չէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման. Ալիեւ

«Ոչ պաշտօնական խողովակներով ստացուող տեղեկատուութեան համաձայն` Հայաստանը պատրաստ չէ խաղաղ համաձայնագրի ստորագրման», — 14 Յուլիսին, Պաքուի մէջ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, պնդելով, որ նման մօտեցում «մեծ սխալ կ’ըլլայ հայերու կողմէ»։

Ատրպէյճանի ղեկավարի այս յայտարարութիւնը հնչած է Պաքուի Խոճասան թաղամասին մէջ, ուր Ալիեւ բնակարաններ եւ ինքնաշարժեր կը նուիրէր պատերազմի ընթացքին հաշմանդամ դարձած զինծառայողներուն եւ պատերազմի զոհերու ընտանիքներուն։

«Կողմերը պէտք է ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանները, սկսին աշխատանքներ տանիլ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ։ Սահմանազատման հարցով միջազգային կազմակերպութիւններէն եւս այժմ դրական ազդակներ կը ստացուին։ Եթէ Հայաստանը չի ցանկար այդ ընել, իր գործն է։ Անոնք, սակայն, պէտք է լաւ մտածեն այդ ուղղութեամբ, քանի որ հետագային կրնայ ուշ ըլլալ», — յայտարարած է Ալիեւը։

Խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի դէմ կատարուած այս ոտնձգութիւնը․ ՀՀ ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի դէմ կատարուած այս ոտնձգութիւնը․ ՀՀ ԱԳՆ

Ստորագրուած է հայկական նոր ազգային օդանաւային ընկերութեան ստեղծման վերաբերեալ համաձայնագիր
Յաջորդ նիւթը

Ստորագրուած է հայկական նոր ազգային օդանաւային ընկերութեան ստեղծման վերաբերեալ համաձայնագիր

ԱնցնիլՎեր