Երեւանի մէջ մեկնարկած է ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստը

Երեւանի մէջ մեկնարկած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ նիստը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ: Խորհրդարանական վեհաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, ՀԱՊԿ ԽՎ նախագաh Վիաչեսլաւ Վոլոտինը, Պելառուսիայի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի, Ուզպէքստանի, Աֆղանստանի, Սերպիայի խորհրդարաններու խօսնակները, ՌԴ Դաշնային խորհուրդի փոխխօսնակ Եուրի Վորոպեովը: Սերպիայի եւ Աֆղանստանի խորհրդարաններու ղեկավարները նիստին կը մասնակցին որպէս դիտորդ:  Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը բացման խօսքին մէջ ողջունած է վեհաժողովի խորհուրդի նիստի մասնակիցները եւ մաղթած արդիւնաւէտ աշխատանք: Խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստի աւարտէն ետք պիտի մեկնարկի ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստը:
5 Նոյեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Երեւանի մէջ մեկնարկած է ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստը

Երեւանի մէջ մեկնարկած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ նիստը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ:

Խորհրդարանական վեհաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, ՀԱՊԿ ԽՎ նախագաh Վիաչեսլաւ Վոլոտինը, Պելառուսիայի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի, Ուզպէքստանի, Աֆղանստանի, Սերպիայի խորհրդարաններու խօսնակները, ՌԴ Դաշնային խորհուրդի փոխխօսնակ Եուրի Վորոպեովը: Սերպիայի եւ Աֆղանստանի խորհրդարաններու ղեկավարները նիստին կը մասնակցին որպէս դիտորդ: 

Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը բացման խօսքին մէջ ողջունած է վեհաժողովի խորհուրդի նիստի մասնակիցները եւ մաղթած արդիւնաւէտ աշխատանք:

Խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստի աւարտէն ետք պիտի մեկնարկի ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան 2020 թուականի պետական պիւտճէով պիտի յատկացուի 194,2 միլիառ դրամ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան 2020 թուականի պետական պիւտճէով պիտի յատկացուի 194,2 միլիառ դրամ

«Երեւանը գանձ է համեղ ուտել եւ խմել սիրողներու համար». Forbes
Յաջորդ նիւթը

«Երեւանը գանձ է համեղ ուտել եւ խմել սիրողներու համար». Forbes

ԱնցնիլՎեր