Երեւանն ընտրուած է Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան 2021-ի տարեկան ժողովի կայացման վայր․ Տիգրան Աւինեան

ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանն իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․ «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Կը ցանկամ բոլորիս աշխատանքային օրը սկսիլ շատ լաւ լուրով մը։ Քիչ առաջ ստացեր ենք Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան (ՎԶԵԴ) Կառավարիչներու խորհուրդի որոշումը: Ուրախ եմ ձեզ տեղեկացնել, որ Երեւանն ընտրուած է ՎԶԵԴ 2021թ․ տարեկան ժողովի կայացման վայր։ Տարեկան ժողովը Դրամատան կարեւորագոյն միջոցառումն է: Այսինքն՝ 2021-ի գարնան Հայաստանը պիտի ըլլայ #ՎԶԵԴ 69 անդամ երկիրներու, ինչպէս նաեւ այլ հիւրերու ուշադրութեան կեդրոն: Սա կարեւոր ձեռքբերում է ու թէ՛ քաղաքական թէ՛ տնտեսական ոլորտներուն մէջ Հայաստանի գրանցած առաջընթացին տրուած արժանի գնահատական է։ Եւ այս պահէն կը սկսինք աշխատիլ միջոցառումը ամենաբարձր մակարդակով իրականացնելու համար»։  
4 Փետրվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Երեւանն ընտրուած է Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան 2021-ի տարեկան ժողովի կայացման վայր․ Տիգրան Աւինեան

ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանն իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կը ցանկամ բոլորիս աշխատանքային օրը սկսիլ շատ լաւ լուրով մը։ Քիչ առաջ ստացեր ենք Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան (ՎԶԵԴ) Կառավարիչներու խորհուրդի որոշումը: Ուրախ եմ ձեզ տեղեկացնել, որ Երեւանն ընտրուած է ՎԶԵԴ 2021թ․ տարեկան ժողովի կայացման վայր։

Տարեկան ժողովը Դրամատան կարեւորագոյն միջոցառումն է: Այսինքն՝ 2021-ի գարնան Հայաստանը պիտի ըլլայ #ՎԶԵԴ 69 անդամ երկիրներու, ինչպէս նաեւ այլ հիւրերու ուշադրութեան կեդրոն: Սա կարեւոր ձեռքբերում է ու թէ՛ քաղաքական թէ՛ տնտեսական ոլորտներուն մէջ Հայաստանի գրանցած առաջընթացին տրուած արժանի գնահատական է։

Եւ այս պահէն կը սկսինք աշխատիլ միջոցառումը ամենաբարձր մակարդակով իրականացնելու համար»։

 

Որո՞նք ընտրուած են Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի անդամներ
Նախորդ նիւթը

Որո՞նք ընտրուած են Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի անդամներ

Ըստ Հայաստանի փոխվարչապետին Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը նոր մրցանիշ հաստատած է
Յաջորդ նիւթը

Ըստ Հայաստանի փոխվարչապետին Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը նոր մրցանիշ հաստատած է

ԱնցնիլՎեր