Երեք զինծառայողներու սպաննութեան գործով ձերբակալուած է նաեւ դիրքի աւագը

Երեք զինծառայողներու սպաննութեան գործով ձերբակալուած է նաեւ դիրքի աւագը, յայտնած է Քննչական կոմիտէն՝ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով։ Ըստ կոմիտէին՝ վերջինս ձերբակալուած է՝ ապօրինաբար դիտաւորութեամբ զինծառայողները կեանքէն զրկել դրդելու եւ ծառայակիցի նկատմամբ սեռային բնոյթի բռնի գործողութիւններ կատարելու կասկածանքով: Յիշեցնենք, որ Քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ Օգոստոս 19-ին՝ ժամը 01:30-ի սահմաններուն, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքի կացարանը, յայտնաբերուած են երեք զինծառայողներու դիակները՝ հրազէնային վնասուածքներով: Նշուած յանցագործութիւնը կատարելու՝ ապօրինաբար դիտաւորութեամբ զինծառայողները կեանքէն զրկելու կասկածանքով աւելի վաղ ձերբակալուած էր անոնց համածառայակից, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայող Ա.Հ-ն: Վերջինիս մեղադրանք առաջադրուած է՝ Քրէական օրէնսգրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով: Վարոյթը կատարող
24 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Երեք զինծառայողներու սպաննութեան գործով ձերբակալուած է նաեւ դիրքի աւագը

Երեք զինծառայողներու սպաննութեան գործով ձերբակալուած է նաեւ դիրքի աւագը, յայտնած է Քննչական կոմիտէն՝ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով։

Ըստ կոմիտէին՝ վերջինս ձերբակալուած է՝ ապօրինաբար դիտաւորութեամբ զինծառայողները կեանքէն զրկել դրդելու եւ ծառայակիցի նկատմամբ սեռային բնոյթի բռնի գործողութիւններ կատարելու կասկածանքով:

Յիշեցնենք, որ Քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ Օգոստոս 19-ին՝ ժամը 01:30-ի սահմաններուն, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքի կացարանը, յայտնաբերուած են երեք զինծառայողներու դիակները՝ հրազէնային վնասուածքներով:

Նշուած յանցագործութիւնը կատարելու՝ ապօրինաբար դիտաւորութեամբ զինծառայողները կեանքէն զրկելու կասկածանքով աւելի վաղ ձերբակալուած էր անոնց համածառայակից, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայող Ա.Հ-ն:

Վերջինիս մեղադրանք առաջադրուած է՝ Քրէական օրէնսգրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով: Վարոյթը կատարող մարմինը միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան՝ անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ, որ Օգոստոս 22-ին բաւարարուած է:

Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Վարչապետ Փաշինեան մասնակցած է ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին
Նախորդ նիւթը

Վարչապետ Փաշինեան մասնակցած է ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին

Ապաշրջափակումը չի կարող տեղի ունենալ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային եւ կենսական շահերի հաշուոյն. Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Ապաշրջափակումը չի կարող տեղի ունենալ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային եւ կենսական շահերի հաշուոյն. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր