Երեք զինծառայողներու սպանութեան կասկածանքով ձերբակալուած է ծառայակիցը

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոր մանրամասնութիւններ յայտնած է Օգոստոսի 19-ին մարտական յենակէտը 3 հայ զինծառայողի դի յայտնաբերուելու դէպքին մասին: Մամուլով շրջանառուող` ներթափանցման մասին լուրերուն ի պատասխան ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն «Արմէնփրէս»-ին յայտնած են, որ դէպքի հանգամանքները լիարժէք բացայայտելու նպատակով այս պահուն ամբողջ ծաւալով անհրաժեշտ գործողութիւններ կ’ընթանան: «Այդուհանդերձ, գոնէ այս պահին եղած նախնական տեղեկութիւններով՝ տեղի ունեցածը կապ չունի հակառակորդի հետ։ Նոր տեղեկատուութիւն ունենալուն պէս պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կու գայ համապատասխան հաղորդագրութիւններով»,- ըսուած է «Արմէնփրէս»ին տրամադրուած պատասխանին մէջ։ ՀՀ քննչական կոմիտէի տեղեկացմամբ՝  նշուած յանցագործութիւնը կատարելու՝ ապօրինաբար դիտաւորութեամբ 3 զինծառայողները կեանքէ զրկելու կասկածանքով ձերբակալուած է անոնց ծառայակից, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամէետային զինծառայող Ա.Հ-ն: Քրէական
19 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Երեք զինծառայողներու սպանութեան կասկածանքով ձերբակալուած է ծառայակիցը

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոր մանրամասնութիւններ յայտնած է Օգոստոսի 19-ին մարտական յենակէտը 3 հայ զինծառայողի դի յայտնաբերուելու դէպքին մասին:
Մամուլով շրջանառուող` ներթափանցման մասին լուրերուն ի պատասխան ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն «Արմէնփրէս»-ին յայտնած են, որ դէպքի հանգամանքները լիարժէք բացայայտելու նպատակով այս պահուն ամբողջ ծաւալով անհրաժեշտ գործողութիւններ կ’ընթանան:

«Այդուհանդերձ, գոնէ այս պահին եղած նախնական տեղեկութիւններով՝ տեղի ունեցածը կապ չունի հակառակորդի հետ։ Նոր տեղեկատուութիւն ունենալուն պէս պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կու գայ համապատասխան հաղորդագրութիւններով»,- ըսուած է «Արմէնփրէս»ին տրամադրուած պատասխանին մէջ։

ՀՀ քննչական կոմիտէի տեղեկացմամբ՝  նշուած յանցագործութիւնը կատարելու՝ ապօրինաբար դիտաւորութեամբ 3 զինծառայողները կեանքէ զրկելու կասկածանքով ձերբակալուած է անոնց ծառայակից, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամէետային զինծառայող Ա.Հ-ն:

Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Վարչապետը մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին
Նախորդ նիւթը

Վարչապետը մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին

Որեւէ երկրի զէնք վաճառելը ՌԴ-ի իրաւունքն է. Զախարովան արձագանգած է ՀՀ-ն չզինելու Ալիեւի կոչին
Յաջորդ նիւթը

Որեւէ երկրի զէնք վաճառելը ՌԴ-ի իրաւունքն է. Զախարովան արձագանգած է ՀՀ-ն չզինելու Ալիեւի կոչին

ԱնցնիլՎեր