Երկրագունդի բնակչութեան մինչեւ 41%-ը կրնայ COVID-19-ի անախտանիշ վարակակիր ըլլալ․ ԱՀԿ

Երկրագունդի բնակչութեան մինչեւ 41%-ը կրնայ COVID-19-ի անախտանիշ վարակակիր ըլլալ, սակայն միաժամանակ, յայտնի չէ, թէ անոնց որ տոկոսը կրնայ վիրուսը փոխանցել, յայտարարած է ԱՀԿ արտակարգ հիւանդութիւններու բաժնի արհեստագիտական խումբի ղեկավար Մարիա Վան Քերքխովէն, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։ «Որոշ գնահատականներով՝ բնակչութեան մօտ 6%-էն մինչեւ 41%-ի միջակայքը կրնան ըլլալ անախտանիշ վարակակիրներ։ Սակայն մենք գիտենք, որ որոշ անախտանիշ եւ որոշ ախտանիշներով մարդիկ կրնան փոխանցել ժահրը: Այնպէս որ, մենք պէտք է գիտնանք, թէ որքան մարդ ախտանիշներ չէ ցուցաբերած, եւ անոնց ո՞ր տոկոսը կը փոխանցէ ժահրը»,- ըսած է ան Ժընեւի մէջ կայացած առցանց սեմինարի ժամանակ: Փորձագէտը ընդգծած է, որ ԱՀԿ-ն ճշգրիտ տուեալներ չունի COVID-19-ի անախտանիշ վարակակիրներու
10 Հունիսի 2020
4 ր. ընթերցում
Երկրագունդի բնակչութեան մինչեւ 41%-ը կրնայ COVID-19-ի անախտանիշ վարակակիր ըլլալ․ ԱՀԿ

Երկրագունդի բնակչութեան մինչեւ 41%-ը կրնայ COVID-19-ի անախտանիշ վարակակիր ըլլալ, սակայն միաժամանակ, յայտնի չէ, թէ անոնց որ տոկոսը կրնայ վիրուսը փոխանցել, յայտարարած է ԱՀԿ արտակարգ հիւանդութիւններու բաժնի արհեստագիտական խումբի ղեկավար Մարիա Վան Քերքխովէն, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

«Որոշ գնահատականներով՝ բնակչութեան մօտ 6%-էն մինչեւ 41%-ի միջակայքը կրնան ըլլալ անախտանիշ վարակակիրներ։ Սակայն մենք գիտենք, որ որոշ անախտանիշ եւ որոշ ախտանիշներով մարդիկ կրնան փոխանցել ժահրը: Այնպէս որ, մենք պէտք է գիտնանք, թէ որքան մարդ ախտանիշներ չէ ցուցաբերած, եւ անոնց ո՞ր տոկոսը կը փոխանցէ ժահրը»,- ըսած է ան Ժընեւի մէջ կայացած առցանց սեմինարի ժամանակ:

Փորձագէտը ընդգծած է, որ ԱՀԿ-ն ճշգրիտ տուեալներ չունի COVID-19-ի անախտանիշ վարակակիրներու թիւի վերաբերեալ: «Ի՞նչ գիտենք մենք վարակներու մասին: Մենք գիտենք, որ COVID-19-ով վարակուածներէն շատերը կ’ունենան ախտանիշներ: Բայց կան անոնք, որոնք ախտանիշներ չունին: Եւ վարակումներու մեծ մասը, որոնց մասին մենք գիտենք, տեղի ունեցած են այն ժամանակ, երբ ախտանիշներով մարդիկ ժահրը փոխանցած են այլ մարդոց՝ օդակաթիլային ճանապարհով: Եւ կան անոնք, որոնք ախտանիշներ չեն ցուցաբերած: Իրական հարցը այն է, թէ քանի մարդ կայ: Մենք այդ դեռ չգիտենք»,- ըսած է ան:

Անոր խօսքերով՝ անախտանիշ վարակակիրներու թեմայով հետազօտութիւնները առայժմ քիչ են։

Իր հերթին, առողջապահական ոլորտի մէջ արտակարգ իրավիճակներու ԱՀԿ ծրագրի տնօրէն Մայքլ Ռայան ընդգծած է մեծ թիւով քննութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը՝ COVID-19-ի բոլոր վարակակիրները յայտնաբերելու համար:

«Քորոնա» ժահրէն մահացած 10 անձերէն ամենաերիտասարդը 54-ամեայ տղամարդ է, իսկ ամենատարեցը՝ 93-ամեայ տղամարդ
Նախորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրէն մահացած 10 անձերէն ամենաերիտասարդը 54-ամեայ տղամարդ է, իսկ ամենատարեցը՝ 93-ամեայ տղամարդ

1 միլիոն շունչի հաշուով վարակման ցուցանիշով Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ դարձեալ առաջինն է, ժահրէն մահուան ցուցանիշով՝ երկրորդը
Յաջորդ նիւթը

1 միլիոն շունչի հաշուով վարակման ցուցանիշով Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ դարձեալ առաջինն է, ժահրէն մահուան ցուցանիշով՝ երկրորդը

ԱնցնիլՎեր