Երուսաղէմի հայկական մանկապարտէզի վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած են կարեւոր հնագիտական նիւթեր (Լուսանկարներ)

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի անշարժ գոյքի վարչութեան պետ, քահանայ՝ Պարէթ Երէցեան յայտնած է, որ Երուսաղէմի հայկական մանկապարտէզի վերանորոգման աշխատանքներուն ժամանակ կարեւոր հնագիտական նիւթեր յայտնաբերուած են, որոնք մանրամասն ուսումնասիրութեան կարիք ունեն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այդ մասին հաղորդած է regionmonitor.com-ը: Արժէքաւոր գտնուածներէն է մեծ խաչքարը, որ թուագրուած է 12-րդ դարու կամ աւելի վաղ շրջանին: Այն տիպիկ հայկական խաչ է՝ «Տէր Յիսուս, յիշիր» գրութեամբ, ներքեւը պատկերուած է հայկական ծաղկած խաչ, ինչպէս նաեւ խաղողի նախշեր: Յայտնաբերուած է նաեւ խճանկար, դատելով ոճէն՝ հաւանաբար կը պատկանի բիւզանդական ժամանակաշրջանին: Խճանկարները տեղակայուած են շէնքերու մնացորդներուն մէջ, որոնց թուագրումը դեռ պարզ չէ: Յայտնաբերուած են նաեւ բիւզանդական եւ (կամ) մամլուքեան
12 Մարտի 2021
3 ր. ընթերցում
Երուսաղէմի հայկական մանկապարտէզի վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած են կարեւոր հնագիտական նիւթեր (Լուսանկարներ)

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի անշարժ գոյքի վարչութեան պետ, քահանայ՝ Պարէթ Երէցեան յայտնած է, որ Երուսաղէմի հայկական մանկապարտէզի վերանորոգման աշխատանքներուն ժամանակ կարեւոր հնագիտական նիւթեր յայտնաբերուած են, որոնք մանրամասն ուսումնասիրութեան կարիք ունեն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այդ մասին հաղորդած է regionmonitor.com-ը:

Արժէքաւոր գտնուածներէն է մեծ խաչքարը, որ թուագրուած է 12-րդ դարու կամ աւելի վաղ շրջանին: Այն տիպիկ հայկական խաչ է՝ «Տէր Յիսուս, յիշիր» գրութեամբ, ներքեւը պատկերուած է հայկական ծաղկած խաչ, ինչպէս նաեւ խաղողի նախշեր:

Յայտնաբերուած է նաեւ խճանկար, դատելով ոճէն՝ հաւանաբար կը պատկանի բիւզանդական ժամանակաշրջանին: Խճանկարները տեղակայուած են շէնքերու մնացորդներուն մէջ, որոնց թուագրումը դեռ պարզ չէ: Յայտնաբերուած են նաեւ բիւզանդական եւ (կամ) մամլուքեան ժամանակաշրջանի պղնձեայ մետաղադրամներ:

Այսպիսով, ցոյց կը տրուի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Երուսաղէմի մէջ վաղ հայկական ներկայութիւնը եւ ուխտագնացութիւնը:

 

ՀՀ նախագահի աշխատակազմը քաղաքական ուժերու հետ հանդիպման ձեւաչափի մասին պիտի յայտնէ աւելի ուշ
Նախորդ նիւթը

ՀՀ նախագահի աշխատակազմը քաղաքական ուժերու հետ հանդիպման ձեւաչափի մասին պիտի յայտնէ աւելի ուշ

Բրիտանական «HALO Trust»-ը թուրքերուն փոխանցած է Արցախի ականապատուած տարածքներու քարտէզը
Յաջորդ նիւթը

Բրիտանական «HALO Trust»-ը թուրքերուն փոխանցած է Արցախի ականապատուած տարածքներու քարտէզը

ԱնցնիլՎեր